ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 10 Յունուարին, ֆրանսահայ երկու հայագէտներ՝ Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց հայագիտական մարզին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրին մէջ ան յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը զանազան աշխատանքներու ճամբով կը շարունակէ իր նպաստը բերել հայագիտութեան զարգացման:
Յայտնենք, որ փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան իրենց վաստակով կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայագիտութեան մարզին մէջ: Անոնք կը գտնուին Անթիլիասի մայրավանքը՝ մասնակցելու «Մետաքսէ Ճամբու»ն նուիրուած խորհրդաժողովին: