ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնակական ընտրական յանձնաժողովը Ազգային ժողով մտած կուսակցութիւններէն եւ դաշինքներէն ստացած է հրաժարականի 20 դիմումներ: Այս մասին Ուրբաթ, 4 Յունուարին, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) արտահերթ նիստին ընթացքին յայտարարեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Արմէն Սմբատեան:
«ԿԸՅն ստացել է ինքնաբացարկի 18 դիմում «Իմ քայլը» դաշինքից եւ 2 դիմում «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնից: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնից ինքնաբացարկի դիմումներ չեն ներկայացուել: Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը սահմանուած կարգով ուսումնասիրել է բոլոր դիմումները, դրանք նոտարական կարգով վաւերացուած են», յայտնեց Սմբատեան:
ԿԸՅի քարտուղարը ներկայացուց ինքնաբացարկ ներկայացուցած պատգամաւորներու անունները:
«Իմ քայլը» դաշինքէն ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած են վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնակատար Էդուարդ Աղաջանեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեան, պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեան, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարի պաշտօնակատար Ֆելիքս Ցոլակեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան, բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էրիկ Գրիգորեան, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեան, աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու փոխնախարարի պաշտօնակատար Զարուհի Բաթոյեան, Սիւնիքի մարզպետի տեղակալ Նարեկ Բաբայեան, Վայոց ձոր մարզպետ Տրդատ Սարգսեան, Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան, Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան եւ Լոռիի մարզպետ Անդրէյ Ղուկասեան:
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ընտրական ցուցակէն ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած են Քրիստ Հրաչիկի Մարուքեան եւ Արմէն Մերուժանի Բաղդասարեան:
Չհասկցանք թէ ի՞նչ է ինքնաբացարկը, կարելլի՞ է բացատրել:
Մէկը կրնա՞յ պարզ հայերէնով բացատրութիւն տալ որ ինքնաբացարկ ինչ կը նշանակէ. սկիզբը ըսուած է որ հրաժարած են, յետոյ կըսուի որ ինքնաբացարկի դիմում ղրկած են յանձնախումբըին. ըսել կուզեն որ աս 20 երեսփոխանները ալեւս երեսփոխան չե՞ն, այսինքն բոլոր ազգային ժողովի անդամներուն թիւը 114ի իջած է, անոնց տեղը ո՞վ պիտի առնէ: Կարեւոր է բացատրել եւս, որ ասիկա խա՞ղ մըն է եւ ինչի կը ծառայէ. ինծի պէս պարզ մարդիկներ Հայաստանի մէջ եղած քաղաքականբութիւնէն ալեւս շատ բան չենք կրնար հասկնալ, վարչապետին եւ իր խումբին մարդոց չափ խելացի չենք ի վերջոյ
ինքնաբացառկ պարզապէս կը նշանակէ, որ հրաժարած են պատգամաւորի իրենց աթոռէն: Հրաժարածներու փոխարէն կը նշանակուին իրենց պատկանած կուսակցութեան ցանկի յաջորդ տեղերը գրաւող ճեկնածուները: