ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մէջ ադամանդի եւ ոսկերչական իրերու արտադրութեան ծաւալները զգալի աճ արձանագրած են: Ազգային վիճակագրական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2018ի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է 204 հազար 168 քարաթ ադամանդ՝ 2017 թուականի հետ համեմատած՝ աճելով 11.6 տոկոսով. 2017ի 11 ամիսներուն, Հայաստանի մէջ արտադրուած է 179 հազար 285 քարաթ ադամանդ:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ մշակուող ադամանդի հումքը առաւելապէս կը ներածուի Ռուսիայէն, Պելճիքայէն եւ Իսրայէլէն:
2018ի վերոնշեալ ամիսներուն, Հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 2.028,6 քիլոկրամ գոհարեղէն, որ 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 11.2 տոկոսով: 2017ին Հայաստանի մէջ արտադրուած էին 1824,2 քիլոկրամ գոհարեղէն: