Ամերիկեան պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի օր ժամանեց Անգարա՝ թրքական իշխանութիւններուն հետ քննարկելու համար իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի գլխաւորած կազմակերպութեան՝ ՖԵԹՕ-ի վերաբերեալ Ուաշինկթընին ներկայացուած նոր փաստը:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ նախատեսուած բանակցութիւնները կարեւոր են ամերիկաբնակ Կիւլենի եւ անոր շրջանակի դերակատարութիւնը բացայայտելու առումով:
Նշենք, որ Կիւլեն եւ անոր կազմակերպութիւնը Անգարայի կողմէ կ՛ամբաստանուին Թուրքիոյ մէջ 2016ի յեղաշրջումի փորձի կազմակերպման մէջ:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ 30 Դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Անգարա «կը յուսայ», որ Կիւլեն Թուրքիոյ կ՛արտայանձնուի: «Թուրքիոյ մէջ մահապատիժ գոյութիւն չունի: Մենք (ամերիկացի պաշտօնատարներուն) կ՛ըսենք, որ արտայանձնումը իրականացնելուն դէմ որեւէ արգելք չկայ»:
«Մեր (Կիւլենի արտայանձնումի) պահանջը պաշտօնապէս չէ մերժուած: Երբ նոր փաստ գտնենք, զայն կ՛ուղարկենք Ամերիկա: Վարչական եւ քրէական հետաքննութիւնները կը շարունակուին», ըսաւ Կիւլ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ նոր փաստին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու գնահատականը պիտի յստականայ բանակցութիւններուն ընթացքին, որոնց ներկայ պիտի գտնուին Թուրքիոյ արտաքին, ներքին եւ արդարադատութեան նախարարութիւններէն պաշտօնատարներ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապէս յայտնած էր, որ իրենք ՖԵԹՕ-ի գործունէութեան շուրջ «Էֆ.Պի.Այ.»ի նախաձեռնած հետաքննութիւնը «լուրջ»ի կ՛առնեն, սակայն կասկածանքով: Բայց եւ այնպէս ան աւելցուց, որ հետաքննութիւնը կը թուի արդիւնք տալու սկսած ըլլալ: