ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութիւնը 27 Դեկտեմբերին հաղորդեց, որ լրտեսական ընդարձակ ցանց մը բացայայատուած է եւ ձերբակալուած են յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներ:
Լրտեսական ցանցը ստեղծուած էր երկրին յատուկ ծառայութիւններուն մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հետախուզական գործողութիւններու շնորհիւ բացայայտուած եւ չէզոքացուած է արտասահմանեան յատուկ ծառայութիւններու լրտեսական ցանց մը, որ քանի մը տարուան ընթացքին լրտեսական բազմափուլային գործունէութիւն իրականացուցած է երկրին մէջ:
Այդ ցանցին գործակալները ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները հաւաքագրելու նպատակով՝ գաղտնի հանդիպումներ կազմակերպած են դրացի երկիրներու մէջ, ստեղծելով կապի ուղիներ: Բացայայտուած են անհատներու կեղծանունները, որոնք օգտագործուած են արտասահմանի յատուկ ծառայութիւններու գործակալներու լրտեսական աշխատանքին համար:
Հաղորդագրութեան մէջ ձերբակալուած երկու անձերու անուն նշուած է: Ձերբակալուածներէն մէկը՝ Զաքիր Ալիպալաօղլի Իսմայիլովն է (1959ի ծնունդ), որ ազգային ապահովութեան նախարարութեան բաժինի պետ եղած է, զբաղեցնելով պատասխանատու այլ պաշտօններ: Ըստ հաղորդագրութեան՝ ան արտասահմանեան յատուկ ծառայութիւններու հետ համագործակցած է՝ «կատարելով Ատրպէյճանի ազգային շահերուն ու պետական ապահովութեան վնասող գործողութիւններ», նիւթական պարգեւներ ստանալով: Ան կանոնաւոր կերպով արտաքին յատուկ ծառայութիւններուն փոխանցած է ծառայողական նիւթեր՝ Ատրպէյճանի հակահետախուզական ոլորտի գործունէութեան մասին, պետական ապահովութեան մարմիններու անձնակազմի աշխատակիցներու մասին եւ այլ գաղտնի տեղեկատուութիւններ:
Նոյնիսկ թոշակի անցնելէ ետք (2015ին), Իսմայիլով, օգտագործելով իր նախկին կապերը՝ տեղեկութիւններ ձեռք բերած է Ատրպէյճանի ապահովութեան մարմիններուն մասին եւ զանոնք արտասահման փոխանցած է, ինչպէս նաեւ հետախուզական աշխատանքի ձեւեր առաջարկած է՝ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններուն դէմ գործելու նպատակով: Ձերբակալուած Իսմաիլովին դէմ պետական դաւաճանութեան մեղադրանք առաջադրուած է:
Միւս ձերբակալուածը նոյնպէս ազգային ապահովութեան նախարարութեան նախկին աշխատակից է՝ Եուսուֆզատէ Եաշարօղլի (1977ի ծնունդ), որ արտասահմանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է օտար յատուկ ծառայութիւններու գործակալներու հետ եւ նիւթական պարգեւներու դիմաց սկսած է աշխատելու արտասահմանեան հետախուզութեան համար: Եաշարօղլիի դէմ եւս պետական դաւաճանութեան մեղադրանք առաջադրուած է:
Նշուած յանցաւոր գործողութիւններուն վերաբերող այլ անձեր եւս պատասխանատուութեան ենթարկուած են, սակայն ուրիշ անուններ չեն նշուած, իսկ քննչական աշխատանքները կը շարունակուին:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան նախկին նախարարութիւնը լուծարուած էր 2015ին, աղմկայարոյց պաշտօնանկութիւններէ, հրաժարականներէ եւ ձերբակալութիւններէ ետք: Անոր փոխարէն ստեղծուած էին պետական ապահովութեան ծառայութիւն եւ արտաքին հակահետախուզական ծառայութիւն:
Նշենք, որ չէ բացայայտուած, որ ամբաստանեալները որ երկրներու ի նպաստ աշխատած են: