Տարիներու ընթացքին, ՀՄԸՄի մարզական եւ Սկաուտական շարքերէն կ՛անցնին բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք սակայն որոշ տարիքէ մը ետք կարելիութիւնը չեն ունենար շաբաթական դրութեամբ հետեւելու սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներուն: Անոնցմէ շատեր համալսարան կը յաճախեն, իսկ ուրիշներ կեանքի ասպարէզ նետուելով բազմազբաղ կ՛ըլլան:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը նման երիտասարդները ՀՄԸՄի միջավայրին մօտիկ պահելու եւ անոնց գիտելիքներէն օգտուելու հեռանկարով, որոշեց ստեղծել իր երիտասարդական բաժանմունքը եւ այդ գծով լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք տանելով կարողացաւ յուսալի կորիզ մը ստեղծել:
Բաժանմունքի անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ 3 Փետրուար 2016ի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնը, մասնակցութեամբ ինը ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներու, որոնք եկած էին ՀՄԸՄի Սիփան (4), Մասիս (3) եւ Արարատ (2) մասնաճիւղերէն: Բաժանմունքի կազմակերպչական աշխատանքները գլխաւորեց եւ երիտասարդութեան մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Շրջանային վարչութեան անդամ Փիեռ Մանուկեանը:
Քանի մը ամիսներու անդամարշաւի եւ քարոզչական աշխատանքներէ ետք կարելի եղաւ երիտասարդական այս բաժանմունքի թիւը բարձրացնել, որ մեծապէս ոգեւորիչ եւ յուսադրիչ եղաւ ՀՄԸՄի ատենի ղեկավարութեան համար:
Բաժանմունքի անդամներու որոշումով, սկզբնական շրջանին դիւանի կազմի ընտրութիւնը կատարուեցաւ եռամսեայ դրութեամբ: Առաջին դիւանի ընտրութիւնը կատարուեցաւ 19 Մայիս 2016ին.
Ատենապետ՝ Շանթ Ղազարեան
Քարտուղար՝ Զեփիւռ Աւաննէսեան
Գանձապահ՝ Արազ Քէշիշեան
Բաժանմունքի առաջնահերթ աշխատանքը եղաւ ուսումնասիրել ՀՄԸՄի ծրագրաւորման մէջ տեղ գտած Երիտասարդական բաժանմունքէն սպասելիքները եւ շարունակել զարկ տալ իր անդամարշաւին:
Օգտաշատ գտնուեցաւ նաեւ մասնաճիւղերէն ներս երիտասարդութիւնը հետաքրքրող ծրագիրներ մշակելու, առաւելաբար կեդրոնանալով հայկական մեր մշակոյթի տարածման, երիտասարդութիւնը համախմբող ընկերային երեկոներու կազմակերպման եւ ՀՄԸՄական երիտասարդութեան մտային հորիզոնները ընդարձակելու էական գործին:
Քարոզարշաւի իմաստով յատուկ ջանք թափուեցաւ անցեալի սկաուտ եւ մարզիկ անդամ-ղեկավարները ներգրաւելու բաժանմունքէն ներս եւ քաջալերելու զանոնք առաւել օգտակար հանդիսանալու իրենց համայնքին:
Այս բոլորի լոյսին տակ բաժանմունքը կազմեց իր տարեկան ծրագիրը եւ ունեցաւ իր խորհրդանիշն ու շապիկը:
Երիտասարդական առաջին ընկերային երեկոն տեղի ունեցաւ 15 Յունիս 2016ին, որ իբրեւ նախաքայլ բաւական խրախուսիչ եղաւ նորակազմ խումբին համար: Նոյն տարին, Յուլիսին, բաժանմունքը իր քարոզչական կրպակը ունեցաւ ՀՄԸՄի 41րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Փառատօնի շրջափակէն ներս, որուն ընթացքին համակարգիչով ներկայացուց իր ծրագիրները: Բաժանմունքը մասնակցեցաւ նաեւ նոյն մարզախաղերու փակման շքերթին: Իսկ ՀՄԸՄի Սկաուտ ղեկավարներու հետ գործակցութեան հեռանկարով, 3 Օգոստոս 2016ին, երիտասարդական բաժանմունքէն խմբակ մը այցելեց ՀՄԸՄի 7րդ Ընդհանուր բանակումը Թքույա բանակավայրին մէջ եւ ներկայ գտնուեցաւ այդ օրուան խարոյկահանդէսին:
28 Օգոստոս 2016ին, բաժանմունքը կազմակերպեց իր երկրորդ ընկերային երեկոն «Meet and greet», որուն մասնակցեցան բաժանմունքի բոլոր անդամները: Այս երեկոյի յաջողութիւնը, յուսադրեց բաժանմունքի անդամները, որոնք սկսան առաւել ընդարձակել իրենց աշխատանքային հորիզոնները:
2016 տարեշրջանի խրախուսիչ գործունէութենէն ետք, ՀՄԸՄի Երիտասարդական բաժանմունքը իր երկրորդ տարին մեծ ակնկալութիւններով սկսաւ: Շրջանի համալսարանական հայ ուսանողութեան հետ իր կապը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ նախկին ՀՄԸՄական անդամ ուսանողները համախմբելու եւ միասնական աշխատանքներ ծրագրելու ակնկալութեամբ, 19 Փետրուար 2017ին, ՀՄԸՄի Երիտասարդական բաժանմունքի դիւանը իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Համահայկական ուսանողութեան միութեան վարչութեան հետ (All-ASA), ՀՄԸՄի կեդրոնը: Դրական մթնոլորտի մէջ իրականացուող այս հանդիպումը, առիթ հանդիսացաւ զոյգ միութիւններու ծրագիրներուն եւ նպատակներուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ միասնական գործակցութեան ծրագիրներ մշակելու, հայ երիտասարդութիւնը միշտ զբաղ պահելու հեռանկարով:
Ընկերային կեանքի ծիրէն ներս, բաժանմունքը 17 Մարտ 2017ին, St. Patrick’s Day-ի առիթով յաջող ձեռնարկ մը կազմակերպեց, Պըրպենքի Պաշիր Մարտիրոսեան Հայ Կեդրոնը:
Բաժանմունքի աշխատանքները բազմամարդ եւ մտերմիկ շրջապատի մը մէջ իրականացնելու հեռանկարով բաժանմունքի դիւանը 11-13 Օգոստոս, 2017ի շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրին մէջ կազմակերպեց իր առաջին բանակում-հաւաքը, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով 18-35 տարեկան անցեալի ՀՄԸՄական մարզիկներ, սկաուտներ, սկաուտ խմբապետներ եւ ՀՄԸՄի համակիր երիտասարդներ, որոնք տարիքի բերումով, դադրած էին գործելէ:
Բանակումի եռօրեայ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր մարզական զանազան խաղեր եւ մանաւանդ ՀՄԸՄը յուզող կարեւոր նիւթերու քննարկումներ: Բանակումի գլխաւոր դասախօսն էր, 2017 տարեշրջանի Տիպար ՀՄԸՄական տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ «Երիտասարդութեան դերը՝ ՀՄԸՄէն ներս» խիստ էական նիւթին: Շահեկան այս նիւթէն անկախ, բանակումի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ կլոր սեղան, որուն ընթացքին քննարկուեցան Երիտասարդական բաժանմունքի նպատակները, ապագայ ծրագիրները, ՀՄԸՄական երիտասարդութեան դերը ՀՄԸՄի, հայկական կեանքէն ներս եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ:
Երիտասարդական այս նախաձեռնութիւնը նաեւ գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ մասնակիցներուն իրենց անցեալի մարզական եւ սկաուտական կեանքը վերապրելու եւ վերադառնալու ՀՄԸՄականի իրենց աշխոյժ գործունէութեան, այս անգամ անոր Երիտասարդական բաժանմունքին մէջ:
ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բաժանմունքի կարեւորագոյն եւ յաջողագոյն աշխատանքը եղաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած միօրեայ խորհրդաժողովը, որ տեղի ունեցաւ 23 Յունիս 2018ին, Պըրպենքի Ուըտպըրի Համալսարանի լենչըր Ճոնզ սրահին մէջ, հարիւրաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ: Խորհրդաժողովը չորս նիստերով անդրադարձաւ ՀՄԸՄի երիտասարդութեան եւ Հայաստան-Սփիւռքի գործակցութեան առնչուող հարցերուն, որուն հետեւեցան շրջանի զանազան կազմակերպութիւններէ ղեկավարներ, տարբեր մարզերէ մասնագէտներ, պետական անձնաւորութիւններ, մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ:
Ա. Նիստի ընթացքին արծարծուեցաւ «Ապագան զօրաշարժի ենթարկել. դատի մը ջատագովումը՝ ժողովրդային ջանքերով» նիւթը: Նիստի համադրումը կատարեց Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան: Նիւթը ներկայացուցին.
Ճոզէֆ Քասքանեան՝ Արեւմտեան ԱՄՆի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ
Վարանդ Աւանէսեան՝ ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բաժանմունքի հիմնադիր անդամ
Մհեր Խաչատուրի՝ Միացեալ Հայեր կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ
Ռապըրթ Աղավերդեան՝ Առողջութեան կամուրջ կազմակերպութեան նախագահ
Հռիփսիմէ Բիազեան՝ Համահայկական ուսանողական միութեան վարչութեան խորհրդատու:
Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ, իրենց փորձառութենէն մեկնած, շեշտեցին երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան կարեւորութիւնը համայնքի բարգաւաճման ջանքերուն մէջ:
Բ. նիստին, ներկայացուեցաւ «Ապագայի տեսլականը. երիտասարդութիւն, քաղաքականութիւն եւ ուժ» նիւթը, որուն քննարկումներուն համադրումը կատարեց Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Անահիտ Օշական: Ելոյթ ունեցան Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի անդամ Անթընի Փորթանթինօ եւ Կլենտէյլ քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քացախեան:
Երկու ելոյթ ունեցողներն ալ, ներկաներուն հետ քննեցին քաղաքական կեանքի ծալքերը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մասնակցութեան տարբեր կարելիութիւնները, իրենց անձնական փորձառութիւններէն հետաքրքրական օրինակներ մէջբերելով:
«Ապագայի հզօրացում. դերակատարութիւնդ՝ աւելի՛ հզօր Հայաստան մը ստեղծելու ջանքերուն մէջ» նիւթն էր, որ քննարկուեցաւ երրորդ նիստին: Համադրումը կատարեց «Սթարք» խմբակի հիմնադիր եւ Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի նախկին գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան:
Այս նիւթի քննարկման, «Սքայ-փ»ով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ նախ պատասխանեց հանդիսատեսներու Հայաստանի ապագային մէջ Սփիւռքի դերակատարութիւնը տեսնելու առնչուող հարցումներուն: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան գծով ցուցաբերած իր զօրակցութեան համար եւ վստահեցուց՝ ըսելով, թէ «Երիտասարդ ենք, խանդավառ ենք եւ խենթ ենք, ու վերադարձ չկար»:
Այս քննարկումին իրենց մասնա-կցութիւնը բերին նաեւ «Սօսի եւ Ալէն Ժառանգութեան» հիմնարկի հիմնադիր Վաչէ Թոմասեան եւ Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ կրթական կարելիութիւններ մատչելի դարձնող «Հիտըն Ռոտ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներէն Մար-կարիթա Պաղտասարեան:
Շահեկան այս խորհրդաժողովի չորրորդ եւ վերջին նիստին քննարկուեցաւ «Լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու դերակատարութիւնը» խիստ կարեւոր նիւթը: Քննարկումը գլխաւորեցին «Նիւ Միշիկըն Միտիա»ի հիմնադիր եւ վարիչ Հայկ Օշական եւ «Էմի» մրցանակի թեկնածու դարձած՝ Լոս Անճելըսի KTLA-5 պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Էլինա Աբովեան: Երկու դասախօսներն ալ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուցին արդի լրատուութեան մարտահրաւէրներն ու առաւելութիւնները, շեշտելով պատասխանատու լրատուութիւն մատուցելու կենսական կարեւորութիւնը:
Միօրեայ այս խորհրդաժողովի յաջող կազմակերպումը մեծապէս նպաստեց բաժանմունքի յառաջդիմութեան, որ բազմապատկեց իր ընթացիկ աշխատանքներն ու հետաքրքրուող անդամները:
Իբրեւ առանձին բաժանմունք, շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ հազիւ քանի մը տարիներու կեանքին ունեցող ՀՄԸՄի Երիտասարդական այս բաժանմունքը ինքնավստահութեամբ ճամբայ ելաւ եւ հպարտութեամբ կարելի է ընդգծել, թէ յաջողեցաւ, իր շուրջ համախմբելով մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք իրենց մասնագիտութեամբ անկասկած պիտի նպաստեն ՀՄԸՄի վերելքին եւ անոր հետապնդած նպատակներու յաջողութեան:
ՀՄԸՄի Մէջ Երիտասարդական Բաժանմունքի Ստեղծման Նպատակը
Կեանքի պայմաններու բերումով սկաուտական կամ մարզական գործունէութենէ դադրած երիտասարդութիւնը համախմբել եւ անոնց համար աշխատանքի նոր դաշտ ստեղծել կազմակերպութեան մէջ:
Գործի լծել զանոնք մասնաճիւղային, շրջանային եւ կեդրոնական մակարդակի աշխատանքներու մէջ:
ՀՄԸՄի համակիր երիտասարդութիւնը ներգրաւել եւ գործի լծել ՀՄԸՄի շարքերէն ներս:
Գործակցութիւն ստեղծել Հայ համալսարանական միութիւններու հետ:
ՀՄԸՄական երիտասարդներու ճիգերը ուղղել նաեւ դէպի Հայաստան եւ սերտ յարաբերութիւններ ստեղծել հայրենի երիտասարդութեան հետ, ի նպաստ Հայաստանի հզօրացման:
Օգտագործել երիտասարդութեան ներուժը ՀՄԸՄի մէջ, աշխատանքային զանազան դաշտեր բանալով անոր դիմաց:
ՀՄԸՄի Հիմնադիր՝
Շաւարշ Քրիսեանի
Անզուգական Յիշատակին
Կը Շնորհաւորենք
Հայ Համայնքի Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Եւ Հայ Ժողովուրդին Կը Մաղթենք
Բարգաւաճ,
Խաղաղ Եւ Արդիւնաբեր Տարի Մը
Ալէք, Տոքթ. Ալէնուշ,
Փաթրիք, Նիքոլ Եւ Էրիք
Պաղտասարեաններ
Նոր Տարին Յոյսերով Ու Բարիքներով
Լի Տարի Մը Ըլլայ
Սամուրգաշեան
Զարեհ եւ Յասմիկ
Արմէն եւ Րաֆֆի