Տարուէ տարի, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը հաճելի նորութիւններով կ՛ընդարձակեն իրենց աշխատանքային հորիզոնները, առաւել հարստացնելով իրենց ժողովրդականութիւնը: 2018ի ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու նորութիւնը շրջանի հայ յատուկ կարիքներ ունեցող մարզիկներու ընդգրկումն էր Նաւասարդեանի մարզական մրցումներուն մէջ, որպէսզի անոնք լաւատեսութեամբ մօտենան կեանքին եւ սիրեն իրենց անձը: Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն խանդավառեց եւ մեր առօրեային միացուց այս մարզիկներն ու անոնց ծնողները, այլ նաեւ հարստացուց շրջանի ՀՄԸՄի պատմութիւնը ընդարձակելով իր շրջապատի սէրն ու համակրանքը:
Կարեւոր այս քայլը յաջողութեամբ պսակելու եւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերուն լաւապէս ներկայանալու համար, Շրջանային վարչութիւնը իր բոլոր մարզիչները, պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները մարզեց, որպէսզի անոնք ճիշդ ձեւով եւ հարազատօրէն հոգան յատուկ կարիքաւոր այս մարզիկներու կարիքները: Այս առիթով նաեւ նշանակեց հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ յատուկ յանձնախումբ մը.-
Արամ Պէքարեան՝ Շրջանային վարչութեան կապ
Նանօր Գապագեան
Ռազմիկ Սիմոնեան
Ալին Հապէշեան
Լոռի Սվազեան
Սեւակ Կարապետեան
Սերժ Գրակասեան
Յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի նման կարիքաւոր երեխաներու հետ զբաղող Ամերիկեան մասնագիտացած Laterman Registry Center for Special Need կազմակերպութեան հետ, ամբողջական զօրակցութիւնը ունենալով այս երեխաներու ծնողներուն եւ բազմաթիւ մասնագէտներու:
Նման երեխաներու համար մասնագիտականօրէն կազմակերպուեցան պասքէթպոլի, ֆութպոլի եւ թեթեւ աթլէթի մրցումներ, որոնց մասնակցեցան 5-20 տարեկան 18 պատանի-երիտասարդներ: Անոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ հպարտութեամբ մասնակցեցան նաեւ Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերու փակման շքերթին, մեծապէս յուսադրելով ներկաներն ու մանաւանդ իրենց ծնողները:
Այս երեխաները իսկական հրաշքներ են, այս պատճառով ալ իրենց բաժանմունքը կը կոչուի «Հրաշք» մարզական բաժանմունք: Այո, անոնք ի ծնէ որոշ թերութիւններ ունին, սակայն մերն են եւ ՀՄԸՄը պատրաստ է տէր կանգնելու անոնց: Առաջին նախաքայլը՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերու անոնց մասնակցութիւնն է:
Ամերիկեան մասնագիտացած Laterman Registry Center for Special Need կազմակերպութիւնը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄի այս քայլը եւ իր առանձին կրպակը ունեցաւ Նաւասարդեան փառատօնի շրջափակէն ներս, որուն ներկայացուցիչները մասնագիտական խորհրդատուութիւն տուին շահագրգռուած ծնողներուն: Այս գծով «Հրաշք»ի յանձնախումբը կոչ ըրաւ յատուկ թերութիւններ ունեցող երեխաներու ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները վստահին ՀՄԸՄին, որ ջանք պիտի չխնայէ զանոնք բարելաւելու եւ մեր հասարակութեան լիարժէք անդամ դարձնելու զանոնք:
Բնական է, նման նախաձեռնութիւն մը մեծ ծախսի կը կարօտի, այսուհանդերձ, ՀՄԸՄը վստահելով իր շրջապատին, նախաձեռնեց յատուկ կարիքաւորներու այս համախմբումը, այն հաստատ համոզումով, որ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը իր անվերապահ քաջալերանքն ու գուրգուրանքը պիտի ցուցաբերէ այս բաժանմունքին հանդէպ, որպէսզի անոնք իրենք զիրենք լիարժէք զգան համայնքէն ներս:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, մեծապէս խրախուսուած այս բաժանմունքի ստեղծման գծով գաղութի քաջալերանքէն, կը շարունակէ սրբազան այս պարտականութիւնը, ապագային աւելի զարգացնելով եւ ընդարձակելով անոր հորիզոնները, որպէսզի ոչ մէկ յատուկ կարիքաւոր երեխայ չզրկուի մարզական բարիքներէն:
Այս խրախուսման արդիւնքն էր, որ Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին, «Հրաշք»ի անդամակցած 20 մանուկներ եւ պատանիներ, տարիքային երեք բաժանումներով մասնակցեցան ՔԱՀԱՄի թեթեւ աթլէթի մրցումներուն, ոգեւորութեամբ վազելով 25, 50 եւ 100 մեթր վազքին:
Անոնց երթը կը շարունակուի: «Հրաշք»ի մանուկներն ու պատանիները Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին մասնակցեցան ՔԱՀԱՄի մարզախաղերուն, Կլենտէյլ գոլէճի մարզադաշտերուն վրայ:
«Հրաշք»ի ծրագիրին միացած առաւել քան 20 մանուկներ ու պատանիներ, բաժնուած 3 տարիքային խումբերու՝ մասնակցեցան յատուկ իրենց համար կազմակերպուած 25, 50 եւ 100 մեթր վազքի, ինչպէս նաեւ ոտնագնդակի մրցումներուն: Անոնց հետեւեցան իրենց ծնողներն ու մասնագէտ խորհրդականներ: Յատուկ թերութիւններ ունեցող երեխաներու ընդգրկումը ՀՄԸՄի մարզական կեանքին մէջ իսկապէս համազօր է հրաշքի: