Հեթանոսական դարերուն, հայերը նոր տարին կամ ամանորը տօնած են Հայոց Նաւասարդ ամսուն, որ կը զուգադիպէր Օգոստոսին: Հայաստանի բոլոր գաւառներէն, հեռաւոր կամ մօտ, բազմահազար հայեր օրերով ճամբորդելով՝ կը համախմբուէին Բագրեւանդ գաւառի Բագառիչ աւանը, ուր կը գտնուէին հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ ֆիզիքական արժէքներու արտայայտիչը հանդիսացող Արամազդի եւ հայոց դիցուհի Անահիտի մեհեանները:
Ժողովուրդին՝ Բագրեւանդ գաւառին մէջ մէկտեղուիլը միայն կրօնական հանգամանք չունէր, այլ առիթ մըն էր՝ ցուցադրելու հայ մշակութային արժէքները եւ ֆիզիքական ուժը:
Կը ներկայացուէին իւրաքանչիւր գաւառի յատուկ երգեր, պարեր, խաղեր, տարազներ եւ բարքեր: Եւ այսպէս, բոլոր գաւառներու ներկայացուցիչ բնակիչները իրարու հաղորդակից կը դառնային եւ մէկ յայտարարի կը վերածուէր ազգային մշակոյթի բազմաթիւ երեւոյթներու հետ ազգային քաղաքական գիտակցութիւնը:
Բագրեւանդ գաւառը հաւաքուած ժողովուրդը ոչ միայն Հայաստանի արտադրած բարիքները կը վայելէր, այլ նաեւ ներկայութիւնը հայոց թագաւորին, թագուհիին, պալատի իշխաններուն, սպայակոյտին եւ բանակին, որոնք շուքն ու փայլը կ՛աւելցնէին համազգային տարեկան այդ մեծ հաւաքոյթին:
Տեղի կ՛ունենային զօրահանդէս, ձիարշաւ, սրախաղ, նետաձգութիւն, որսորդութիւն եւ այլ մարզախաղեր ու մրցումներ:
Բացի Բագառիչ աւանէն, մր-ցումներու խաղադաշտեր ունեցած են նաեւ միջնադարեան Հայաստանի նշանաւոր քաղաքներէն Շահապիւանը, Զարեհաւանը, Վաղարշապատը, Գառնին, Դուինը, Վանը, Հերին, Անին եւ Երեւանը:
ՀՄԸՄի հիմնադրութեան առաջին տարիէն իսկ, ՀՄԸՄը կազմակերպած եւ յաջողութեամբ իրագործած է միջմասնաճիւղային մրցումներ եւ ողիմպիական խաղեր:
1974ին, Պէյրութի մէջ գումարուած ՀՄԸՄի պատգամաւորական Ա. Ընդհանուր ժողովը հիմը դրաւ ՀՄԸՄի համագաղութային կառոյցին: Իսկ 1979ին, Կիպրոսի մէջ գումարուած ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Բ. Ընդհանուր ժողովը, նոր արժեւորում մը եւս տալով ՀՄԸՄի գործունէութեան՝ սփիւռքահայ բոլոր գաղութներուն մէջ ՀՄԸՄի միջմասնաճիւղային ողիմպիական խաղերը կոչելով Նաւասարդեան Մարզախաղեր, ամրօրէն կապելով զանոնք Հայաստանի մէջ անցեալին կատարուած Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Ու այսպէս, իբրեւ շարունակութիւն անոնց, հայրենիքի հետ անքակտելի կապերով, հայրենիքի գաղափարով՝ ազգային իմաստ ու բովանդակութիւն ունին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը:
1976ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը արդէն իսկ ունէր 4 մասնաճիւղեր: Հետզհետէ հայութեամբ բազմացող գաղութին մէջ աշխուժութիւն մտցնելու եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄի շուրջ համախմբելու հեռանկարով, Շրջանային վարչութիւնը նոյն տարին, 27-28 Մայիսի շաբաթավերջին կազմակերպեց ՀՄԸՄի Ա. Միջմասնաճիւղային մարզախաղերը, Իսկ Լոս Անճելըս քոլեճի մարզադաշտերուն վրայ եւ նուիրեց զանոնք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան: Մրցումներուն մասնակցեցան ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրեզնոյի եւ Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղերու մարզական խումբերը, ինչպէս նաեւ հիւրաբար՝ ՀՄԸՄի Նիւ Ճըրզիի պասքեթպոլի խումբը:
27 Մայիսի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Սեն Սոֆիա» յունական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերուն առիթով կազմակերպուած պարահանդէսը՝ առաւել քան 600 մասնակիցներով: Մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Մայիսի երեկոյեան, նոյն քոլեճի մարզադաշտին վրայ, առաւել քան 4000 հայորդիներու ներկայութեամբ:
Հանդիսութեան ընթացքին, շրջանի ՀՄԸՄի չորս մասնաճիւղերու մարզական եւ սկաուտական խումբերուն առընթեր՝ տողանցեցին նաեւ ՀՄԸՄի Նիւ Ճըրզիի պասքեթպոլի խումբը, շրջանի ազգային, կիրակնօրեայ եւ ՀՕՄի վարժարաններու աշակերտութիւնը եւ ՀԵԴի ուխտերու անդամները: Ոգեւորիչ մթնոլորտի մը մէջ յանձնուած են յաղթանակի բաժակները:
Մարզախաղերու կարգապահ ընթացքով խանդավառ շրջանի հայութիւնը՝ այնուհետեւ թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ ՀՄԸՄին:
1977ին, Լոս Անճելըսի քաղաքային քոլեճի մարզադաշտերուն վրայ կազմակերպուեցան ՀՄԸՄի Միջմասնաճիւղային Բ. մարզախաղերը, որոնց ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն անկախ՝ մասնակցեցան նաեւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) Ա. դասակարգի պասքեթպոլի երկսեռ խումբերը եւ ՀՄԸՄի Մեքսիքոյի ֆութպոլի խումբը: Այս Մարզախաղերուն առիթով կազմակերպուած յաղթանակի պարահանդէսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ շարժապատկերի հայազգի նշանաւոր աստղերէն Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան):
Նոյն ոգեւորութեամբ շարունակուեցան միջմասնաճիւղային այս մարզախաղերը: Տարուէ տարի մարզական խումբերու յաւելումը եւ յաղթանակի պարահանդէսներու յաջողութիւնները դրական արձագանգ ձգեցին նաեւ շրջանէն դուրս: ՀՄԸՄի այլ շրջաններէ եւ տեղական՝ հայկական կազմակերպութիւններու բազմաթիւ խումբեր սկսան մասնակցելու այս մարզախաղերուն:
Հետաքրքրութիւն արթնցաւ նաեւ քաղաքական դէմքերու մօտ: 1978ի Միջմասնաճիւղային մարզախաղերուն տողանցքը գլխաւորեց Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն: Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազ Ճորճ Տէօքմէճեան: Եւ այսպէս, ՀՄԸՄի Միջմասնաճիւղային մարզախաղերը մեծ ժողովրդականութիւն շահած ըլլալով՝ ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասուին շրջանի հայութեան կողմէ:
1983ին, Միջմասնաճիւղային այս մարզախաղերը, ըստ ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Բ. Ընդհանուր ժողովի որոշման՝ կոչուեցան Նաւասարդեան Մարզախաղեր եւ այնուհետեւ ունեցան իրենց պատուոյ նախագահները:
Նաեւ, նկատի ունենալով, որ Լոս Անճելըսի քաղաքային քոլեճի մարզադաշտերը նեղ կու գային հետզհետէ բազմացող ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ մրցումներու ժամանակացոյցի դասաւորման գծով երկու օրերը շատ քիչ էին, Նաւասարդեան մարզախաղերը փոխդրուեցան Կլենտէյլ Հայ Սքուլի մարզադաշտեր եւ իրագործուեցան Ամերիկայի անկախութեան օրուան՝ 4 Յուլիսին զուգադիպող երկար շաբաթավերջին եւ այդ տարին նուիրուեցան ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 65ամեակին:
Նաւասարդեան մարզախաղերը առաւել գրաւիչ եւ հետաքրքրական դարձնելու հեռանկարով,
Յաղթանակի պարահանդէսին եւ փակման շքեղ հանդիսութեան առընթեր, 1984էն սկսեալ կազմակերպուեցան նաեւ Նաւասարդեան փառատօն՝ սիրայօժար մասնակցութեամբ շրջանի սիրուած արուեստագէտներու: Այս փառատօները գեղեցիկ առիթ հանդիսացան շրջանի հայութիւնը համախմբելու ՀՄԸՄի շուրջ:
Եղան նաւասարդեան Մարզախաղեր, որոնք պատմական կամ իւրայատուկ դրուագներու զուգադիպելով՝ առաւել փայլք տուին անոնց: Օրինակ, 1985ի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 10րդ Մարզախաղերու Յաղթանակի պարահանդէսին եւ Փակման հանդիսութեան պատմական ներկայութիւն բերաւ ՀՄԸՄի հիմնադիրներուն վերջին ներկայացուցիչը՝ Տիգրան Ա. քհնյ. Խոյեան: Աւելին, այս մարզախաղերուն ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համագաղութային Ֆութպոլի Ա. մրցումները, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի եօթը շրջաններու ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբերուն:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 13րդ մարզախաղերը նուիրուեցան ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 70ամեակին եւ հովանաւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ: 14րդը՝ Ղարաբաղեան շարժման՝ «Ղարաբապը մերն է» նշանաբանով: 15րդը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 100ամեակին, եւ այսպէս շարքը կարելի շարունակել:
1989ին, Շրջանային վարչութիւնը նախաձեռնեց «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսի շնորհումը եւ այնուհետեւ, անիկա տարեկան գեղեցիկ սովորութիւն դառնալով՝ յաջորդական Շրջանային վարչութիւնները ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն սկսան ընտրելու անդամ մը, որ մեծ ներդրում ունեցած է միութեան վերելքին եւ իր տիպարով, բարի օրինակ դառձած է իր շրջապատին: Սկզբնական շրջանին, պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի կ՛ունենար Նաւասարդեանի փակման հանդիսութեան ընթացքին, սակայն աւելի ուշ անիկա փոխադրուեցաւ Յաղթանակի պարահանդէսին:
1990ի Նաւասարդեան 15րդ մարզախաղերը առաւել պատմական իմաստ ստացան: 70 տարիներու երեզանքէ ետք, ՀՄԸՄը վերընձիւղուեցաւ հայրենիքի մէջ: Այս ուրախ առիթով, Նաւասարդեան փակման հանդիսութեան տողանցելու հրաւիրուեցան ՀՄԸՄի հայրենի նորակազմ ՀՄԸՄի ինը սկաուտ ներկայացուցիչներ, մեծ ոգեւորութենէ անկախ, առաջին հաստատուն կամուրջը նետեցին ՀՄԸՄի Հայաստան-Սփիւռք նախնական քայլերուն:
Առաւել բազմացող ՀՄԸՄի մարզական խումբերու մրցումներուն համար, Կլենտէյլի Հայ Սքուլի մարզադաշտերը նոյնպէս սկսան նեղ գալու: Օրուան Շրջանային վարչութեան յատուկ ջանքերով, կարելի եղաւ 1993ի Նաւասարդեան 18րդ մարզախաղերու մրցումներն ու փառատօնը փոխադրել Վեն Նայսի Պըրմինկհեմ Հայ սքուլի շրջափակը եւ անոնք նուիրուեցան ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 75ամեակին: Այնուհետեւ եւ մինչեւ օրս Նաւասարդեան մարզախաղերը տեղի կ՛ունենան նոյն Հայ սքուլի շրջափակին մէջ, ամէն տարի նորութիւններ հրամցնելով հանրութեան:
1996ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 21րդ մարզախաղերուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իսկ 2002ին տեղի ունեցած Նաւասարդեան 27րդ մարզախաղերուն պատուոյ հիւրն էր հայազգի հանրածանօթ պասքեթպոլի մարզիչ Ճերի Թարխանեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցած Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութեանց, յաղթանակի բաժակներու յանձնման արարողութեանց մասնակցեցան միջազգային ճանաչում ստացած հայ մարզիկներ, ինչպիսին են ֆութպոլի աստղեր՝ Յարութ Կարապետեան, ՀՄԸՄական Եուրի Մովսիսեան, Հենրիկ Մխիթարեան եւ ուրիշներ:
Քանի մը մասնաճիւղերու մարզական խումբերով սկիզբ առած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն այսօր կը մասնակցին ՀՄԸՄի 17 մասնաճիւղերու եւ երկու միաւորներու առաւել քան 5000 մարզիկ-մարզկուհիներ: Մեծ ժողովրդականութիւն շահած այս մարզախաղերուն առաւել քան հազար մրցումներ տեղի կ՛ունենան պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, թեթեւ աթլեթի, փինկ-փոնկի, թենիսի, լողի, ճատրակի եւ սոֆթպոլի մարզաճիւղերուն մէջ: Պէտք է ընդգծել, թէ մեծաթիւ այս մրցումներուն իւրաքանչիւր մարզաճիւղի համար ՀՄԸՄի Մարզական խորհուրդը կը նշանակէ ենթայանձնախումբ մը, որ բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէ իրեն վստահուած մարզաճիւղի մրցումները:
Հետզհետէ ընդարձակուող եւ բազմահազար հանդիսատեսներ ունեցող Նաւասարդեան մարզախաղերը առաւել հարազատ եւ հետաքրքրական դարձնելու հեռանկարով, ամէն տարի Նաւասարդեան մարզախաղերու եզրափակումէն առաջ, կը կազմակերպուի Յաղթանակի պարահանդէս, որ գեղեցիկ առիթ մը կը հադիսանայ համախմբելու ՀՄԸՄի նոր ու տարեց սերունդները, ՀՄԸՄի եւ շրջանի ղեկավարութիւնը, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը, ՀՄԸՄի նուիրատուներն ու հովանաւորները, համակիրներն ու հիւրերը: Ահա, երեկոյ մը, որ հարազատ պատկերացումը կու տայ հայոց հին Նաւասարդին, որ կ՛եզրափակուի Նաւասարդեանի Պատուոյ նախագահութեան եռագոյն եռիզներու յանձնումով:
Նաւասարդեանի մարզական կիսաւարտական եւ աւարտական մրցումներուն առընթեր, Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ սքուլի շրջափակին մէջ կը կազմակերպուի չորսօրեայ փառատօն, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան շրջանի սիրուած արուեստագէտները, տեղի կ՛ունենայ հրավառութիւն, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով փառատօնի շրջափակին մէջ:
Այնտեղ նաեւ կը տեղադրուին շրջանի առեւտրականներու կր-պակները, իսկ անոր կողքին կը գործեն ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու ղեկավարած ճաշի կրպակները, ուր մասնաճիւղերը կը պատրաստեն եւ կը վաճառեն իրենց վիճակաձգուած համադամ ճաշերը: Մասնաճիւղերու կրպակներու վաճառքէն գոյացած հասոյթը մեծապէս կը նպաստէ մասնաճիւղերու տարեկան ծախսերուն:
Բնական է, ամէն նախաձեռնութեան սկիզբ ունի նաեւ իր աւարտը: ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու աւարտը այնպիսի տպաւորիչ եւ հետաքրքրական յայտագիրով մը կ՛աւարտին, որ շրջանի հայութիւնը ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասէ անոնց:
Փակման հանդիսութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան 4 Յուլիսին կամ անոր նախորդող օրը: Նոյն ձեռնարկին, հազարաւոր հանդիսականներու առաջ, մասնաճիւղերու խմբապետներու առաջնորդութեամբ մարզադաշտ մուտք կը գործէ Նաւասարդեան մարզախաղերը հովանաւորող Պատուոյ նախագահը, տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական»ը, թեմիս առաջնորդը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչոթեան ներկայացուցիչն ու Շրջանային վարչութեան ատենապետը: Հանդիսոթիւնը սկիզբ կ՛առնէ ՀՄԸՄի նուագախումբի գլխաւորած ՀՄԸՄի դրօշակակիրներու խումբը: ՀՄԸՄի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութեանց եւ թեմիս առաջնորդ հօր պատգամներէն ետք հպարտանքով ու ինքնավստահ կը տողանցէ շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը, մասնաճիւղերու յաջորդականութեամբ եւ ՀՄԸՄի նուագախումբի ազգային երգերու քայլեղանակներու ընկերակցութեամբ: Անոք կը տողանցեն ինքնավստահ ու հայու հպարտանքով, կը բարեւեն հանդիսատեսը եւ մեծապէս կը յուսադրեն զանոնք եւ մեծ խադավառութիւն կը ստեղծեն անոնց մօտ եւ յատկապէս իրենց ծնողներուն:
Ծնողները ոգեւորութեամբ կը հետեւին իրենց զաւակներուն տողանցումին եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով կ՛արտայայտեն իրենց ուրախ տրամադրութիւնը, այն հաստատ համոզումով, որ այդ հաստատ քալուածքով տողանցող սերունդները պիտի շարունակեն թրծուիլ ՀՄԸՄի առողջ շրջապատին մէջ, ըլլալու համար հայ ժողովուրդի յաւերժացման յոյսը եւ բախտը պիտի ունենան ազատօրէն այցելելու եւ նոյնիսկ հաստատուելու իրենց հարազատ հայրենիքին մէջ: Իրականութիւն մը, որուն երազանքով այս աշխարհէն հեռացան անոնց պապերն ու մեծ պապերը:
Հրաշալի այս շքերթը կ՛աւարտի Նաւասարդեանի փակման հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող յաղթանակի բաժակներու յանձնումով: Բաժակներ, որոնք արդիւնքն են ամիսներու մրցակցութեան եւ մարզական մաքրամաքուր մթնոլորտի մը, որուն յաղթանակները կ՛եզրափակուին ընկերասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ սիրով:
Այնուհետեւ, Նաւասարդեանի խրախճանքը կը շարունակուի փառատօնի շրջափակին մէջ, նաւասարդեան իրաւ մթնոլորտի մը մէջ:
Կը ներկայացնենք ՀՄԸՄի Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահներու եւ տիպար ՀՄԸՄականներու կենսագրութիւնները: Կարգ մը Պատուոյ նախագահներու կենսագրութիւնները չունենալով, մէջբերած ենք ատենին փոխանցած անոնց պատգամները:
Յայտնենք նաեւ, թէ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 20րդ (1995), 24րդ (1999) եւ 34րդ (2009) մարզախաղերը յատուկ Պատուոյ նախագահներ չեն ունեցած: Այդ Մարզախաղերու հովանաւորութիւնները ստանձնած են Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի Պատուոյ նախագահները:
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
Առողջութիւն Եւ Յաջողութիւն
Մեր Բոլոր Ազգականներուն, Բարեկամներուն
Եւ Յաճախորդներուն
Տոքթ. Սարգիս եւ Տիկ. Ալիս
Քեահքէճեան
Մարի, Արսէն Եւ Վարդան
SARKIS KAAKIJIAN
1500 S. Central Ave., #318
Glendale, CA 91204
(818) 548-5437
Դոկտ. Եւ Տիկ. Տիրան Եւ Շաքէ Արոյեաններ
Կը Շնորհաւորենք Համայն Հայութեան
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Եւ Կը Մաղթենք Բոլոր Իղձերու Իրականացում
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԵՍԱՊԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Լաւագոյն մաղթանքներով
կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
2019 Թուականին Հայութիւնը Թող Դառնայ
Սիրոյ եւ Հաւատքի Տիպար՝
Երկրագունդի Բոլոր Ազգերուն Համար
Dr. Sahag & Mrs. Kathy Baghdassarian
Wishing You A Healthy & Prosperous 2019