ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը միշտ ներկայութիւն եղաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած մարզական եւ սկաուտական բոլոր ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած էին Հայաստանի մէջ եւ իր օգտակար ներդրումը բերաւ անոնց յաջող կազմակերպման եւ իրագործման աշխատանքներուն մէջ:
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու գծով շրջանի ներկայացուցիչն էր Շրջանային վարչութեան անդամ եղբ. Փիեռ Մանուկեան, իսկ ՀՄԸՄի 100ամեակի Ընկերային յանձնախումբի անդամ նշանակուած էր ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի անդամներէն քոյր Սիմա Կարապետեան:
Հայրենիքի մէջ կազմակերպուած պատմական այս նախաձեռնութիւնները, մեծապէս տպաւորեցին պատուիրակութիւնները եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին էութիւնը հայրենասիրութեամբ լեցուցին:
Համա-ՀՄԸՄական 10րդ Մարզախաղեր Հայաստանի Մէջ
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած եւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրած Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան 20-29 Յուլիս 2018ին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, մեծապէս ոգեւորելով հազարաւոր ՀՄԸՄական մասնակիցներ, համակիրներ եւ հայրենի ժողովրդային զանգուածներ: Աշխարհատարած ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի զանազան շրջաններէն պատմական այս մարզախաղերուն մասնակցեցան աւելի քան 1250 մարզիկ-մարզկուհիներ: Մարզախաղերը կ՛ընդ-գրկէին ֆութպոլի, ֆութսալի (փակ մարզադաշտի ֆութպոլ), պասքեթպոլի, վոլիպոլի, լողի, թեթեւ աթլեթի, փինկ-փոնկի, թենիսի եւ ճատրակի մարզաճիւղերու մրցումներ:
Բազմամարդ մասնակիցներ ընդգրկող եզակի այս մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնի մէջ ընդգրկուած էին շրջանէս եղբայրներ Մանուէլ Մարսէլեան, Արմանտ Գիլիճեան եւ Սեւակ Կարապետեան: Նոյն մարզախաղերու պասքեթպոլի մարզաճիւղի ենթայանձնախումբի մէջ ընդգրկուած էր քոյր Անիթա Տէրտէրեան: Կեդրոնական վարչութեան մօտ շրջանիս ներկայացուցիչն էր եղբ. Արամ Թոմաս:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը լաւապէս ներկայացնելու համար այս մարզախաղերուն, Շրջանային վարչութիւնը նշանակած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որ բծախնդրութեամբ կատարեց մրցումներուն մասնակցող խումբերու զտումի եւ կազմակերպչական աշխատանքները:
Ուրախութեամբ պէտք է ընդգծել, թէ շրջանիս մարզական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար 198 անդամներէ, որոնք կը ներկայացնէին 14 մարզական խումբեր, անհատական մրցումներուն մասնակցող 40 մարզիկ-մարզկուհիներ, մարզիչներ, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ եւ վարչականներ: Շրջանի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ մարզախաղերու խմբային եւ անհատական բոլոր մրցումներուն եւ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց:
Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ շրջանիս պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խումբերը, ինչպէս նաեւ լողի մրցումներուն մասնակիցները տիրացան իրենց մարզաճիւղերու ախոյեանութեան, իսկ երկրորդ տեղը գրաւեցին Վոլիպոլի եւ թենիսի մարզաճիւղրեուն մէջ:
Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Բանակում Հայաստանի Մէջ
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկներէն մեծագոյններէն էր Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Սկաուտական Ընդհանուր բանակումը, որ տեղի ունեցաւ 19-29 Յուլիս 2018ին, Բիւրականի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի բանակավայրին մէջ:
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս բանակումի մասնակցութեան թիւի սահմանափակում չկար եւ 26 երկիրներու մէջ գործող ՀՄԸՄի շրջաններէն եւ Մեկուսիներէն 14 տարեկան եւ վեր տարիքը ունեցող աւելի քան 1200 արի-արենուշներ մասնակցեցան:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը այս բանակումին մասնակցեցաւ 183 քոյր-եղբայրներով: Շրջանս լաւապէս ներկայացնելու համար այս բանակումին լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարուեցան. գիտելիքներու ուսուցում եւ անոնց շուրջ գրաւոր ու բերանացի քննութիւններ, բանակումի մասին մանրամասնութիւններ փոխանցող ծնողական ժողովներ եւ նախապատրաստական ընդհանուր բանակում մը:
Պատուիրակութեան պատասխանատու նշանակուած էր ՀՄԸՄի Շրջանային խմբապետուհի քոյր Շարլին Գոզալեան, իսկ փոխպատասխանատու՝ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի խմբապետուհիներէն քոյր Քրիսթինա Դաշդեմիրեան: Բանակումին, որուն հրաւիրուած էին նաեւ ՀՄԸՄի անցեալի խմբապետ-խմբապետուհիներ, ընդառաջեցին աւելի քան 40 հոգի: Անոնք մասնակցեցան բանակումի որոշ ծրագիրներուն եւ հրապարակային բոլոր ձեռնարկներուն:
Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Բանակումի մասնակցող շրջանի պատուիրակութեան ընկերակցող խմբապետ-խմբապետուհիները բանակումի ամբողջ տեւողութեան աչալրջութեամբ հետեւեցան շրջանի բանակողներու կարիքներուն եւ իրենց առաւելագոյն ներդրումը բերին բանակումի յաջող ընթացքին:
Անոնց անուններն են.
Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ՝ եղբ. Շահան Աթմաճեան
Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ՝ քոյր Թամար Ղարիպեան
Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ՝ քոյր Արին Ղարիպեան
Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ՝ եղբ. Նարեկ Քուչերեան
Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ՝ եղբ. Օհաննէս Արիստակէսեան
Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ՝ քոյր Կարինէ Գնտոյեան
Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ՝ քոյր Սիլվա Լահեան
Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ՝ Քոյր Ճոսլին Ապաճեան
Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ՝ քոյր Անի Օվանէսեան
Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ՝ քոյր Էմըլի Սամվելեան
Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ՝ եղբ. Տանիէլ Շահկալտեանս
Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղ՝ քոյր Քրիսթինա Դաշդէմիրեան
Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղ՝ քոյր Նայիրի Պաղտասարեան
Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղ՝ քոյր Սեւան Գալայճեան
Սանթա Գլարա Հովիտի «Անի» մասնաճիւղ՝ քոյր Մարալ Պուրսալեան
Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ՝ քոյր Ռիթա Ղուկասեան
Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ՝ քոյր Դալար Գալստեան
Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ՝ եղբ. Անտրու Տարագճեան
Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղ՝ քոյր Նիրվանա Պալեան
Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղ՝ քոյր Քրիսթին Գասաբ
Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Ընդհ. բանակումը ունէր իր առանձին նշանակը, որուն հեղինակը շրջանէս անցեալի խմբապետ եղբ. Արի Պօյաճեանն էր, որուն ստեղծագործութիւնը ՀՄԸՄի մարզական եւ սկաուտական բաժանմունքները ամբողջ 2018 տարեշրջանին կրեցին իրենց տարազին վրայ:
Կեդրոնական վարչութեան կողմէ բանակումի փոխխմբապետուհի նշանակուած էր ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի անդամներէն քոյր Սեդա Պէշլեան-Սաղպազարեան, իսկ խմբապետական կազմի անդամ՝ ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղի անդամներէն քոյր Անի Էքմէքճեան:
Հպարտութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ բանակումէն առաջ, զանազան ՀՄԸՄի շրջաններէն խումբ մը խմբապետ-խմբապետուհիներ միասնաբար բարձրացած էին Արարատ լերան գագաթը եւ հոն զետեղած էին ՀՄԸՄի եւ եռագոյն դրօշները: Ուրախալի է տեղեկացնել, թէ այդ խումբին մաս կը կազմէին նաեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանէն քոյր Անի Էքմէքճեան եւ ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Դալար Գալստեան:
Պատմական այս բանակումէն մէկ օր առաջ, 18 Յուլիս 2018ին, շրջանի 183 հոգինոց պատուիրակութիւնը, 40 անցեալի խմբապետ-խմբապետուհիները, պատուիրակութեան ընկերակցող հիւրերն ու Շրջանային վարչութեան անդամները, այցելեցին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ջանքերով գնուած Երեւանի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Հայկ Յովսէփեան բանակավայրը: Անոնք ծանօթացան բանակավայրին, քանի մը ժամ հաւաքական ընկերային ուրախ ժամեր անցուցին, վառ պահելով իրենց անցեալի ղեկավար եղբ. Հայկ Յովսէփեանի յիշատակը:
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Բիւրականի Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Սկաուտական Ընդհանուր բանակումի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Յուլիս 2018, երեկոյեան ժամը 5ին, բանակավայրի մուտքին աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄի 110 մասնաճիւղնեու անունը կրող յուշաքանդակի բացման արարողութեամբ, որուն յաջորդեց բանակումի պաշտօնական բացումը:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած ձեռնարկներէն յատկանշական եղաւ նաեւ Ուրբաթ, 20 Յուլիսի յետմիջօրէին Ծիծեռնակաբերդի համալիրէն ներս կատարուած ջահավառութիւնը եւ նոյն համալիրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կատարուող ծառատնկումը, որուն հողին խառնուեցաւ բուռ մը հող բերուած Արարատի կատարէն, Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմէն, Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն: Տպաւորիչ այս արարողութեան յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն: Ծիծեռնակաբերդի կրակին շուրջ մասնակիցները ծաղիկներ դրին մեր նահատակներու յիշատակին: Այնուհետեւ, ներկաները մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, ուր ներկայացուած էին ՀՄԸՄի անցեալն ու ներկան՝ իւրայատուկ եւ պատմական եզակի նկարներով:
Շաբաթ, 21 Յուլիս 2018ին, կէսօ-րէ առաջ ժամը 11ին, կատարուեցաւ բացումը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնի մուտքի պատին վրայ զետեղուած ՀՄԸՄի հիմնադիրներ Շաւարշ Քրիսեանի, Յովհաննէս Հինդլեանի եւ Գրիգոր Յակոբեանի քանդակներուն: Ապա, ներկաները բարձրացան ՀՄԸՄի-ՀԱՍԿի երրորդ յարկ, ուր մասնակցեցան ՀՄԸՄի Հայաստանի շրջանէն առաջին կեդրոնական Վարչութեան անդամ նահատակ Վարդան Բախշեանի յիշատակին նուիրուած գրադարանի բացման հանդիսութեան:
Պատմական իրողութիւն էր Շաբաթ, 21 Յուլիսի երեկոյեան կազմակերպուած շքերթը Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ: 1200 բանակողներ եւ աւելի քան 200 ՀՄԸՄական անցեալի խմբապետ-խմբապետուհիներ, Օփերայի հրապարակէն ճամբայ ելան, երգ ու կանչերով Երեւանի փողոցներէն հպարտանքով քալելով, ինքնավստահութեամբ եւ յուզումնախառն արցունքներով տողանցեցին ՀՀ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ եւ համայն աշխարհին աւետեցին, թէ ՀՄԸՄը 100 յաղթական տարիներ գոյատեւեց եւ վերանորոգ ուխտով պիտի շարունակէ իր անսասան երթը:
Կիրակի, 22 Յուլիս 2018, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, տեղի ունեցաւ այցելութիւն՝ Եռաբլուրի Պանթէոն, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ առ ի յարգանք Արցախի ազատագրական եւ Հայաստանի պաշտպանական մարտերուն նահատակուած հերոսներու յիշատակին եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա, մասնակիցները ծաղիկներ դրին Եռաբլուրի մէջ հանգչող բոլոր նահատակ հերոսներու շիրիմներուն վրայ:
Տպաւորիչ էր նաեւ Երկուշաբթի, 23 Յուլիսի Գիւմրիի Վարդանանց Հրապարակի վրայ կատարուող ՀՄԸՄական տողանցքն ու ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն Վահան Չերազի արձանի բացումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Չերազի դուստրը:
Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2018ի երեկոյեան, Օփերայի Ա. Խաչատրեանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը, նախագահութեամբ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ հովանաւորութեամբ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն:
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցան հանդիսութեան: Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ եւ ՀՄԸՄի գործունէութիւնը մեծապէս գնահատեց:
Հինգշաբթի, 26 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՀ կառավարութեան թիւ 2 շէնքէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած նամականիշի մեկնարկը, որուն յաջորդեց Գիտաժողով՝ նուիրուած ՀՄԸՄի հիմնադրութեան, կազմաւորման եւ տարածման:
Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2018, երեկոյեան ժամը 7ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած համերգը, սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանին, ընկերակցութեամբ՝ «Արազ» նուագախումբին: Իր ազգային-յեղափոխական երգերու հարուստ բովանդակութեամբ, համերգը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները: Նոյն երեկոն նաեւ նուիրուած էր Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ հերոսներուն, որոնց մասին դասախօսեց եղբ. Վիգէն Աւագեան:
Շաբաթ, 28 Յուլիս 2018ին, տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի փակման դրօշակի արարողութիւնները: Առաջինը՝ կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրէն ներս, ուր բանակումի առաջին օրը հանգամանօրէն բարձրացուած էին Հայաստանի, ՀՄԸՄի եւ բանակումի դրօշները: Անոնք յուզումով վար բերուեցան, յիշատակելի այն վայրէն, ուր ամբողջ պատմութիւն մը կոթողուած է:
Բիւրականի բանակավայրին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, տեղի ունեցաւ երկրորդ արարողու-թիւնը, որուն ընթացքին մրցանակներ յանձնուեցան յատուկ աշխատանքներու մէջ նուաճումներ արձանագրած խումբերուն եւ շրջաններուն: Նաեւ յանձնուեցան ՀՄԸՄի Արարատեան կարգի նշանները այն 24 քոյր-եղբայրներուն, որոնք յաջողութեամբ աւարտած էին անհրաժեշտ տեսական եւ գործնական գիտելիքները: Բանակողներու յատուկ հրաժեշտի խարուկահանդէսը յաջորդեց դրօշակի արարողութեան, որ տպաւորիչ էր՝ յառաջացնելով հրաժեշտի յուզումնախառն զգացումներ:
Գեղեցիկ, միաժամանակ յուզիչ եղաւ Կիրակի, 29 Յուլիս 2018ին, «Փարաւոն»ի ընդարձակ սրահին մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած հայրենի ձեռնարկներու եզրափակիչ խրախ-ճանքը: Առաւել քան 2000է աւելի բանակողներ, անցեալի խմբապետ-խմբապետուհիներ, ՀՄԸՄի զանազան շրջաններէ ժամանած վարչականներ, վեթերաններ, համակիրներ եւ հիւրեր մասնակցեցան պատմական այս ձեռնարկին, որուն ընթացքին հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ պարի հանեցին բոլոր մասնակիցները, որոնք արդէն իսկ 10 օրերու ընթացքին մտերմացած էին: Բոլոր ներկաները զուարճալի ժամեր ապրեցան, երեւոյթ մը, որ միայն ՀՄԸՄին պարգեւուած է:
Mousa Ler Association
Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութիւն
Կը Շնորհաւորէ Բոլորին Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Drs. Chris & Laurie Chalian
Saro, Ari & Armen
Merry Christmas & Warm Wishes For a Wonderful Happy New Year
ՀՄԸՄի ընտանիքին մաս կազմելը իւրայատուկ ջերմութեամբ ու բերկրութեամբ լեցուցած է մեր հոգին: ՀՄԸՄական հայր մը ունենալու բարիքը, իսկապէս օրհնութիւն եղած է մեր ընտանիքին:
Հպարտ ենք ՀՄԸՄով: Հպարտ ենք այդ մեծ ընտանիքին մաս կազմած ըլլալու համար:
ՄԱԿԻ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՍԱՐԳՈՒՆԻ
Ակնաբոյժ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան
Կը Շնորհաւորէ Համայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Սուրբ Ծնունդը