ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է «Վանայ լիճի սրընթացը» անունը ստացած Անգարա-Դատվան երկաթուղային նոր գնացքը, որ վերջերս սկսած է բանելու:
Անգարայէն ճամբայ ելլող սրընթացը կ՛անցնի նաեւ Կեսարիայէն, Սեբաստիայէն, Մալաթիայէն, Խարբերդէն եւ Մուշէն ու կը հասնի Բաղէշ, իսկ անոր վերջին կէտը Վանայ լիճի ափին գտնուող Դատվան քաղաքն է, ուրկէ զբօսաշրջիկները կ՛այցելեն Վանայ լիճի շրջակայքը գտնուող տեսարժան վայրեր եւ Վան քաղաքը:
Այս միջոցաւ, Անգարա-Դատվան ճամբորդութիւնը մօտաւորապէս 24 ժամ կը տեւէ։