ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ ամուսնալուծութիւններու թիւը կտրուկ կերպով աճած է:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2017ին Հանրապետութեան տարածքին արձանագրուած են 15,214 ամուսնութիւններ, որ 6.6 տոկոսով նուազ է 2016ի հետ համեմատած, իսկ ամուսնալուծութիւնները աճած են 8 տոկոսով (3,940 պարագայ): Նշենք, որ 2016ին արձանագրուած էին 16,294 ամուսնութիւններ, որ 7.4 տոկոսով նուազած էր 2015 տարեշրջանին հետ համեմատած:
2017ին տղամարդոց ամուսնութեան միջին տարիքը եղած է 31.1, իսկ կիներունը՝ 27.5: