ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ տրամադրելի են յառաջիկայ տարուան «Երիտասարդական Ջոկատներ» ծրագիրի մասնակցութեան դիմումնագիրները:
Այս ծրագիրին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան գործնականապէս մասնակցելու հայրենիքի բարգաւաճման՝ նոյն ժամանակ սերտ կապեր հաստատելով Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ իրենց հանդիպած հայորդիներուն հետ:
1994ին սկսած այս ծրագիրին նախնական օրերուն, շեշտը Արցախի վերակառուցման աշխատանքներուն վրայ էր, սակայն 2008էն ի վեր, ծրագիրին մասնակցողները կը կազմակերպեն պատանիներու (9-16 տարեկան) յատուկ ճամբարներ, որոնց ընթացքին կ՛իրականացուին գլխաւորաբար դաստիարակչական ծրագիրներ եւ խաղեր:
«Երիտասարդական Ջոկատներ»ու մասնակցողները վեց շաբաթ պիտի անցընեն հայրենիքի մէջ. անոնցմէ հինգը պիտի տրամադրուի Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրականացուելիք ճամբարներուն, իսկ վեցերորդ շաբթուան ընթացքին ծրագիրի մասնակիցները առիթը պիտի ունենան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի զանազան վայրերը այցելելու:
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ Մարտ 1, 2019, իսկ ծրագիրը պիտի իրականացուի Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրներ ամբողջացնելու համար, այցելել https://ayfwest.org/programs/youth-corps/participant-application կայքէջը: