ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն. Էն.».- Միացեալ Նահանգներ նախնական պատրաստութիւններ սկսած է տեսնելու՝ Սեւ ծով ռազմանաւեր ղրկելու համար, Խրիմի հարցով Ուքրանիոյ աջակցելու նպատակով: Ամերիկացի զինուորական հրամանատարներ արդէն իսկ խնդրած են արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ տեղեկացնէ Թուրքիոյ իշխանութեանց, որ ամերիկեան ռազմանաւեր կրնան Սեւ ծով մուտք գործել:
Ամերիկա պարտաւոր է այս մասին Թուրքիոյ նախազգուշացնել առնուազն 15 օր առաջ՝ ըստ 1936ին կնքուած Մոնթրոյի համաձայնութեան, որ կը կարգաւորէ նաւարկութիւնը Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներէն: Ամերիկեան մարտանաւերը առաւելագոյնը 3 շաբաթ կրնան Սեւ ծովուն մէջ մնալ՝ ըստ համաձայնագիրին։
Յիշեցնենք, որ ռուսական ուժերուն կողմէ ուքրանական երեք մարտանաւերու գրաւումէն ետք, Քիեւ աջակցելու խնդրանքով դիմած էր Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց։