ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Առաւօտ».- 4 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացիքն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեան Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ քննարկեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր: Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը միշտ ցոյց տուած է իր յանձնառութիւնը եւ քաղաքական կամքը՝ արդիւնաւէտօրէն կիրարկելու ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը եւ գործնական քայլեր կատարելու այս ուղղութեամբ: Այդ առնչութեամբ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին իրականացումը Յունիսին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի եւ Նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացած ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան կոմիտէի անդրանիկ նիստերուն, որոնք կարելիութիւն ընձեռեցին համաձայնագիրի կիրարկման ճանապարհային քարտէսին շուրջ համապարփակ քննարկումներ ծաւալելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.