Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 18 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ այցելեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը, մասնակցեցաւ Սուրբ Ղեւոնդաց տաճարին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ պատարագին, հանդիպեցաւ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Թեմական խորհուրդի եւ հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը փոխանցէ, թէ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հասարակական-տնտեսական զարգացման, ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին՝ Արցախին մշտական աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար, բարձրօրէն գնահատելով կառոյցին դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Նոյն օրը, Բակօ Սահակեան այցելեց ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը եւ հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան անդամներուն հետ՝ ատենապետուհի Սիլվա Փոլատեանի գլխաւորութեամբ:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուեցան Արցախի պետականաշինութեան, հասարակական-տնտեսական զարգացման, տարածաշրջանային գործընթացներուն, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄին՝ միշտ Արցախին սատարելուն համար՝ նշելով, որ Արցախի մէջ խոր յարգանք ունին կազմակերպութեան նկատմամբ:
Հանդիպումին մասնակցեցան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: