ԵՐԵՒԱն.- Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշում տուած է մասնակցելու 9 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այդ մասին Երկուշաբթի օր ՀՀԿ ընդլայնուած կազմով խորհուրդի նիստին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Հանրապետական կուսակցութեան անդամ, պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեան:
«Որոշումը տրուած է մասնակցելու արտահերթ ընտրութիւններուն: Մենք կը յայտարարենք, թէ այս ընտրութիւններուն պիտի ըլլանք հիմնական ընդդիմադիր ուժ եւ կը կարծենք, որ ունինք այդ կարելիութիւնը՝ մեր ներուժը, գիտելիքն ու փորձառութիւնը թոյլ կու տան այդ մէկը իրագործելու, առաւել՝ գործող իշխանութեան հետ մենք ունինք սկզբունքային հակասութիւններ, որոնք թոյլ կու տան ընդդիմադիր ուժի այդ կարգավիճակը լիարժէքօրէն օգտագործելու՝ առաւել արդիւնաւէտ կառավարում ունենալու համար», յայտարարեց Վիգէն Սարգսեան՝ նշելով, որ ինք պիտի գլխաւորէ ՀՀԿի ցանկը:
Վիգէն Սարգսեան ըսաւ, որ իրենց խումբը բաւական ամուր քաղաքական խումբ է եւ կրնայ դիմակայել նաեւ բարդ զարգացումներն ու իրավիճակները:
«Այն վարչապետը, զոր հրապարակը հաւաքուած մեր քաղաքացիները մատնանշեցին իբրեւ ժողովուրդի թեկնածու եւ որուն Ազգային ժողովը տուաւ այդպիսի կարելիութիւն, պէտք է շարունակէ կատարել այն պարտականութիւնը, զորս ստանձնած է: Ինք ապացուցելիք բան ունի, ինք աշխատանք ունի կատարելիք, եւ մենք պատրաստ ենք՝ իբրեւ ընդդիմութիւն, ապագայ խորհրդարանին մէջ հաւասարակշռելու այդ՝ պարտադրելով, որ խոստումները, զորս կը տրուին ժողովուրդին, լիարժէք կերպով կատարուին: Այս է մեր նպատակը, եւ մենք կը դիմենք ժողովուրդին՝ քուէ խնդրելու, ո՛չ թէ իշխանութիւն ըլլալու, ո՛չ թէ լծակներ ունենալու, ո՛չ թէ արտօնութիւններ ունենալու, ո՛չ թէ օգտուելու կառավարութիւն ըլլալու որեւէ կարգավիճակէ, այլ՝ ծանր, պատասխանատու բեռ կրելու, ընդդիմութիւն ըլլալու, որ կ՛ենթադրէ միայն ծանր աշխատանք, քրտինք, ջանք, եւ մենք պատիւով կ՛ուզենք այդ գործը կատարել», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան: