ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք Թիկունքում» թատերական ներկայացումը որ մեծ խանդավառութիւն եւ յուզում ստեղծեց լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան մօտ: