Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 11 Նոյեմբերին մասնակցեցաւ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի աշխատանքներուն: Ֆորումը տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին (1918) կնքուած զինադադարի 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ:
Համաժողովը բացուեցաւ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի ղեկավար կոմիտէի փոխնախագահ Թրիշա Շեթթիի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ողջոյնի խօսքերով: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ:
Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն մէջ ան, ի միջի այլոց ըսաւ. «Մենք այստեղ հաւաքուած ենք յիշատակելու Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100ամեակը: Ասիկա բացառիկ նշանակութիւն ունեցող առիթ մըն է, որ կոչուած է ոգեկոչելու մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ արտայայտելու խաղաղութեան մեր ընդհանուր ուղերձը:
Այսօր մենք՝ իբրեւ այդ պատերազմի մասնակից ազգերու առաջնորդներ, առաջին հերթին պէտք է խօսինք Համաշխարհային Ա. Պատերազմի դասերուն մասին:
Երբ պետութիւն մը պատերազմ կը մղէ կամ կը փորձէ իր հարցերը լուծել ռազմական ճամբով, ուրեմն անիկա կը հաւատայ իր ուժերուն եւ յաղթանակին: Այդուհանդերձ, Համաշխարհային Ա. պատերազմը համամոլորակային ողբերգութիւն էր՝ անոր մէջ ներգրաւուած բոլոր ժողովուրդներուն համար, եւ, վերջապէս, անիկա յանգեցաւ զայն յղացած պետութիւններու քայքայումին:
Գոյութիւն ունի համոզում մը, որուն համաձայն՝ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական տեսանկիւնէն, պատերազմներու ընթացքին միշտ կ՛ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ: Սակայն, մարդկային տեսանկիւնէն, ոչ ոք կը յաղթէ: Պատերազմները միայն կորուստ, տառապանք եւ աւեր կը բերեն»: