
ԼՈՆՏՈՆ, «Ահվալ».- Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանին ¤ԵՄԻԱ) կողմէ տրուած վճիռ մը միտքերու մէջ կը թարմացնէ հարց մը, որ տարիներ առաջ շատ զբաղեցուցած էր փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղող շրջանակները։ Հարցը կը վերաբերի մտաւորականներ՝ փրոֆ. Իպրահիմ Քապօղլուի եւ փրոֆ. Պասքըն Օրանի կողմէ փոքրամասնութիւններու մասին պատրաստուած տեղեկագիրին։ Վարչապետի մարդկային իրաւանց խորհրդակցական մարմինին խնդրանքով պատրաստուած տեղեկագիրին մէջ, Քապօղլու եւ Օրան իրենց տեղեկագիրին մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանած էին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ նշաւակ դարձած էին ազգայնամոլ շրջաններու մահուան սպառնալիքներուն եւ ծանր նախատինքներուն։
Նկատի ունենալով, որ թրքական ատեանները անոնց բողոքները անտեսած էին, Քապօղլու եւ Օրան 2010ին դիմեցին ԵՄԻԱին։
ԵՄԻԱն մերժած է Թուրքիոյ այն պնդումը, թէ Քապօղլուի ու Օրանի դէմ եղած սպառնալիքներն ու քննադատութիւնները կարծիքի ազատութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնան եւ դիտել տուած է, որ Թուրքիա խախտած է Եւրոպայի Մարդկային իրաւունքներու ուխտի 8րդ յօդուածը։
ԵՄԻԱն Թուրքիան դատապարտած է Քապօղլուին եւ Օրանին 3500ական եուրոյի վնասուց հատուցում վճարելու։