ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Freedom House» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Համացանցի ազատութիւն՝ 2018ին» զեկոյցը, որուն համաձայն, այդ մարզին մէջ յառաջխաղացք արձանագրած են 19 երկիրներու մէջ, որոնցմէ մէկն է Հայաստան, ուր արձանագրուած յատկանշական բարելաւումներուն շնորհիւ, երկիրը անցած է «Ազատ» նկատուող երկիրներու շարքին, մինչ նախապէս կը գտնուէր «Մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ։
Համացանցի օգտագործման ազատութիւնը նահանջ արձանագրած է 26 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու։
Ուսումնասիրութեան հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանի պարագային, բարելաւումը ուղղակիօրէն կապ ունի թաւշեայ յեղափոխութեան հետ, որուն ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիները աշխուժօրէն գործածած են համացանցային ընկերային ցանցերու տեղեկատուական հարթակները, հաղորդակցութեան յաւելուածները եւ համացանցով իրադարձութիւններու ուղիղ սփռումները (live stream):
Նոր ցանկին վրայ, Հայաստան համացանցի ազատութեան առումով, աշխարհի մէջ կը գրաւէ 27րդ դիրքը: Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանէն աւելի լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի միայն Վրաստան (25րդ), մինչ Ատրպէյճան կը մնայ «Մասամբ ազատ»ներու ցանկին վրայ, գրաւելով 60րդ դիրքը:
«Ոչ ազատ» երկիրներուն մէջ գտնուող Թուրքիա կը գրաւէ 66րդ դիրքը, իսկ 67րդ դիրքին վրայ է Ռուսիա: Իրան 85րդ դիրքին վրայ է:
Զեկոյցը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ մեծ թիւով երկիրներու մէջ իշխանութիւնները կը խստացնեն համացանցը օգտագործողներու անձնական տուեալներու հսկողութիւնը, իսկ ուրիշներ «կեղծ» որակուող տեղեկատուութեան դէմ պայքարի պատրուակով՝ կը լռեցնեն այլախոհները, ինչ որ վնաս կը հասցնէ ոչ միայն համացանցին, այլ նաեւ ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան նկատմամբ հանրութեան վստահութեան: