ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանիոյ մէջ առաւել քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ ստորագրած են բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթի նախաձեռնած խնդրագիրին տակ՝ պահանջելով քաղաքացիներէն անգամ մը եւս առիթ տալ Եւրոմիութենէն անջատուելու՝ «Պրեքզիթ»ի հարցով իրենց կարծիքը արտայայտելու:
Յիշեցնենք, որ 2016ին, Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած էր հանրաքուէ մը, որուն իբրեւ արդիւնք որոշուած էր Բրիտանիան հեռացնել Եւրոմիութենէն:
Վերջին երկու տարիներուն, մինչ վերջնական անջատումը իրականացնելու ջանքերը կը շարունակուին, յաճախ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան «Պրեքզիթ»ի որոշումին դէմ:
Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, Լոնտոնի մէջ առաւել քան 700,000 ցուցարարներ մասնակցեցան «Պրեքզիթ»ի դէմ հաւաքին, որ Իրաքի պատերազմին դէմ ցոյցերէն ի վեր Բրիտանիոյ մէջ մեծագոյն հաւաքը նկատուած է:
Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ցարդ կ՛ընդդիմանայ նոր հանրաքուէի իրականացման, մինչ վարչապետ Թերեզա Մէյ Պրիւքսելի հետ կը քննարկէ անջատման իրականացումը։