Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 90ամեակին եւ Ամերիկայի արեւմտեան ափերուն վրայ Հիմնադրութեան 50ամեակի զոյգ առիթներով, վարչութիւնս կազմակերպած է շարք մը ձեռնարկներ, որոնց գլխաւորներէն են 90ամեակի տօնակատարութիւնն ու կալա հանդիսութիւնը: Տօնախմբութեանց կարգին, նաեւ տեղի պիտի ունենայ սփիւռքահայ վաստակաւոր մտաւորական ու գրող Վեհանոյշ Թեքեանի աւելի քան կէս դարեայ գրական վաստակին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որ կը զուգադիպի իր ծննդեան 70ամեակին: Հանդիսութիւնը, որ կը կազմակերպուի համագործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթին, Պոլսահայ միութեան, «Նոր Սերունդ» եւ «Թեքէեան» մշակութային միութիւններուն տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր, 2018ին, երեկոյեան ժամի 7էն սկսեալ, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ:
Վեհանոյշ Թեքեան ծնած է Պէյրութ: Աւարտելով տեղւոյն հայկական վարժարանները, ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ արժանացած՝ պսակաւոր արուեստից վկայականին, իսկ փիլիսոփայութեան վկայականը ստացած է Հայկազեան համալսարանէն:
Թեքեան գրելու սկսած է իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ կանուխ տարիքէն. իր երախայրիքը արժանացած է տպագրութեան երբ ան տակաւին 13 տարեկան էր։ Անոր, առանց ընդհատումներու, յաջորդեցին նորանոր բանաստեղծութիւններ սփիւռքահայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Իր բանաստեղծութիւնները սկսած են հատորով լոյս տեսնելու, երբ ան դեռ 16 տարեկան էր: Ան ցարդ լոյս ընծայած է 16 ժողովածուներ եւ ունեցած է հարուստ ներդրում մեր գրական կեանքին մէջ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռք:
Իր բանաստեղծական առաջին ժողովածուն՝ «Կապոյտ Ապրիլ»ը, հրատարակուած է 1969ին, իսկ վերջին երկու ժողովածուները՝ «Աղօթքներ Ուռկանի Մէջ» եւ «Խօսող Լերան Պատմութիւնը» 2015ին:
Իր գրական երթին ընթացքին, բանաստեղծութիւններու ժողովածուներէ բացի, ան լոյս ընծայած է նորավէպեր, յօդուածներ եւ գրադատական աշխատութիւններ: Իր բոլոր հրատարակութիւնները արժանացած են բարձր գնահատանքին մեծ թիւով անուանի գրողներու, որոնց շնորհիւ ալ դարձած է Հայ գրողներու միութեան անդամ, իսկ 2012ին արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:
«Կրինուուտի Ամերիկեան Բազմազգ Գրականութեան Հանրագիտարան»ին մէջ զետեղուած է Վեհանոյշ Թեքեանի հակիրճ կենսագրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Վեհանոյշ կը պայքարի յաղթահարել ցեղասպանուած ժողովուրդի հոգեբանութիւնը եւ կաղնիաբար բարձր հասակով ոտքի կանգնիլ, ունկնդրելով հանդերձ հայկական անցեալին վերաբերող իր մեծ հօր տխուր պատմութիւնները: Իր պարագային, հայ ժողովուրդի անցեալին հետ կապուած գիտակցութիւնը վերափոխուած է եւ դարձած՝ աննկունութիւն, պայքարելու ազգային նպատակներ նուաճելու համար»։
Հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի ընտրութեամբ եւ խմբագրութեամբ, Թեքեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը կը յանձնուի «Երեւան» հրատարակչութեան, բայց խորհրդային իշխանութիւններու գրաքննութեան ճնշումներուն տակ կ՛արգիլուի լոյս տեսնել, այնտեղ նկատուած ազատ հայրենիքի եւ հայրենիքի մէջ ազատ հայութեան տեսլականին պատճառով: Առ այդ, անոր անունը կը զետեղուի Հայաստանի Սեւ Ցուցակին վրայ՝ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը:
Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան նահապետ Ժագ Յակոբեան «Հայ Գրականութեան Գանձարանին Մէջ» աշխատասիրութեան մէջ կը բնութագրէ Վեհանոյշ Թեքեանի բանաստեղծութիւնը՝ ըսելով, թէ ան իւրայատուկ եւ բացառիկ գրիչի տէր գրող է: Ընթերցողը չի կրնար կարդալ միայն մէկ պարբերութիւն, մէկ էջ կամ նոյնիսկ մէկ գիրք եւ կանգ առնել: Ան անսահմանօրէն հրապուրիչ է եւ իր չափածոյով ու արձակով իր սերունդին առաջնորդն է: …Իր լեզուն ճկուն է եւ կը հմայէ ընթերցողը: Այս առումով, իր լեզուն հսկայական նուաճում մըն է եւ ինք յատուկ տեղ կը գրաւէ մեր գրականութեան մէջ, նկատի ունենալով իր գործերու հարուստ հունձքը, իր լեզուական աննման սահունութիւնը, գրական ճաշակն ու իմացական աշխարհը:
Թեքեան կը մարմնաւորէ բանաստեղծին ազատութիւնը քաոսէն ու պոհեմական անկարգութիւններէն: Ան ինքնուրոյն է: Իր գրականութիւնը խիստ հայկական է, ազգային, պայծառ ու վսեմ: «Հայ գրականութիւնը ունի մէկ տուն», կ՛ըսէ ան: «Ճամբաները, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի տուն բազմաթիւ են ու բազմազան: Բայց միակ ոյժը, որ տունը անառիկ բերդ կը դարձնէ, հայոց լեզուն է:»
Իր հատորներէն յիշենք հետեւեալները.
– «Կապոյտ Ապրիլ», 1969 (հրատարակուած 3 անգամ)
– «Սփիւռքագիր»
– «Ոստրէ», 1974 (հրատարակուած 4 անգամ)
– «Ճեղքուած Մանրանկար», 1977 (հրատարակուած 2 անգամ)
– «Կիզակէտ», 1978 (հրատարակուած 5 անգամ)
– «Նշանագիր», 1987 (հրատարակուած 4 անգամ)
– «Բազմածուփ Աշխարհ», 1993 (հրատարակուած 2 անգամ)
– «Տոհմածառ», 1997 (հրատարակուած 2 անգամ)
– «Սնունդ Եւ Անդունդ», 2000 (հրատարակուած 3 անգամ)
– «Հրագիր», 2000 (հրատարակուած 2 անգամ)
– «Խօսող Լերան Պատմութիւնը» 2015
– «Աղօթքներ Ուռկանի Մէջ», 2015
Ըստ Հայ գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի՝ Թեքեանի բանաստեղծութիւնը կ՛ամփոփէ հայ ժողովուրդի բոլոր հոգեմտաւոր բնագաւառները՝ Ցեղասպանութիւն, հայրենալքութիւն, օտար ափերու վրայ ապրող մարդու գիտակցութեան առկայծում. կը պարփակէ մեր բանաստեղծներու եւ նկարիչներու ոգեկոչումները եւ կ՛ամփոփէ զանոնք մէկ խճանկարի մէջ, որն է հայոց պատմութիւն ու հայոց ճակատագիր:
Հայրենի Գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան կը հաստատէ, թէ իր գործերուն մէջ, Թեքեան մատը կը դնէ այսօրուան վէրքերուն վրայ՝ արեւմտահայերէնի ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ գրականութեան շարունակականութեան հարցը:
Բանաստեղծ Ղուկաս Սիրունեան կը գտնէ, թէ Թեքեանի գործերը ուշագրաւօրէն երկարակեաց են եւ սահող ժամանակին ընթացքին աւելի ժամանակակից դառնալու կենսունակութիւն ունին: Մեր գրականութեան մէջ փնտռուած անուն է ան, որուն քերթուածներու բանաստեղծական գոյները ժամանակի ընթացքին առաւել խտացած են եւ այսօր կը ներկայանան հասունութեան բոլորովին նոր աստիճանով:
Թեքեան կը տիրապետէ եւ բարձր մակարդակով կը կիրառէ հայոց լեզուի բազմալար հնարաւորութիւնները: Յոբելիարին գրական վաստակը պիտի ներկայացնէ UCLA համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի դասախօս փրոֆեսէօր Յակոբ Կիւլլիւճեան: Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի սրահի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, իսկ մուտքը ազատ է, եւ պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն։