Հակառակ այն փաստին, որ այս տարուան ընթացքին, Վարանդը եւ Հուրին իրենց տարեկան առատաձեռն յատկացումներու ծրագիրը իրականացուցած էին արդէն տեղի ունեցած ձեռնարկներու կատարած նուիրատուութիւններով կամ գալիք ձեռնարկներու համար խոստումներով, երբ տատամսումով դիմեցինք իրենց՝ «Ասպարէզ»ի համար, յանդիմանեցին մեզ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին «յատուկ կարգադրութիւն» ընել: Իսկապէս անոնք նաեւ հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին մեզի. մեր ակնկալութիւնը գերազանցելով՝ Մելքոնեանները 35,000 տոլար նուիրեցին թերթին:
«Թերթը պէտք ունի, գիտեմ: Միակ օրաթերթը մնացած էք այս ափերուն: Դժուար է ձեր գործը եւ մեր պարտականութիւնն է թեթեւցնել ձեր ծանր բեռը»: Այս էր Վարանդի եւ Հուրիի որոշումին հիմնաւորումը: