Հէրի Նաճարեանի զօրակցութիւնը մենք ամէն օր կը զգանք: Նայեցէք մեր տարուան բոլոր թիւերուն երրորդ էջի ներքեւի ծանուցումը, աւելի ճիշդը՝ զօրակցութեան յայտարարութիւնը:
Տարիներու այս հետեւողական աջակցութիւնը «Ասպարէզ»ին, Նաճարեանները կը դարձնէ թերթի կայունութեան գլխաւոր երաշխաւորներէն:
Անշուշտ, «Ասպարէզ»ը այս զոյգին միակ ուշադրութեան առարկան չէ: Այս տարի, Հայաստանի Անկախութեան յոբելենական 100րդ տարեդարձը պէտք է նշուեր աշխարհի տարբեր շրջաններէ հրաւիրուած պատմաբաններով: Կազմակերպողները դիմեցին Հէրիին, որ իշխանավայել նուիրատուութեամբ մը ստանձնեց այդ կարեւոր ձեռնարկին հովանաւորութիւնը: