Նախագահ Արմէն Սարգսեան, 18 Հոկտեմբերին հիւրընկալեց Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցոյ թեմի առաջնորդ Տէր Լեւոն արք. Զէքիյեանին: Անոր կ՛ուղեկցէր Եղիա վրդ. Քիլաղբջեան:
Ողջունելով սրբազանը՝ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Մեր բարեկամութիւնը երկար տարիների, մի քանի տասնամեակների պատմութիւն ունի: Մեր առաջին եւ յետագայ բոլոր հանդիպումներն իմ յիշողութեան մէջ առանձնայատուկ օրեր են, իսկ վերջին հանդիպմանը՝ Վիեննայում, մեծ հաճոյք էր ձեզ հետ միասին լինել Մխիթարեան միաբանութեան պատմական շէնքում, այցելել թանգարան»:
Նախագահը բարձր գնահատեց Լեւոն արք. Զէքիյեանի բեղուն գործունէութիւնը՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ճանչցնելուն, հայապահպանման ու սերունդներու կրթութեան:
«Ձեր այցելութիւնը կարեւոր է ոչ միայն հոգեւոր եւ կրօնական, այլ նաեւ՝ մշակութային առումով», նշեց նախագահ Սարգսեան՝ յաւելցնելով. «Ինձ համար դուք նախ եւ առաջ պրոֆեսոր էք, հայագէտ, իսկական ուսուցիչ, իսկ հոգեւոր առաջնորդը նախ եւ առաջ պէտք է ուսուցիչ լինի: Կարծում եմ՝ կամուրջ էք ոչ միայն Հայաստանի եւ արտերկրում ապրող մեր հայրենակիցների միջեւ, ոչ միայն հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիների միջեւ, այլեւ շատ կարեւոր է ձեր դերը հայ մշակոյթի եւ գրականութեան, հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման գործում»:
Լեւոն արք. Զէքիյեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին ջերմ եւ քաջալերող խօսքերուն համար՝ ընդգծելով. «Ինձ համար, անշուշտ, մեծ ուրախութիւն էր նախագահի պաշտօնում ձեր ընտրութիւնը: Շատ ուրախացայ նախ բարեկամութեան պատճառով, բայց նաեւ ձեր անձի համար՝ այս շատ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին: Ի սրտէ, նաեւ բոլոր միաբանների անունից մաղթում եմ, որ Աստծոյ օրհնութիւնն ու լոյսն անպակաս լինեն ձեր անձից, ձեր ընտանիքից եւ ձեր միջոցով նաեւ բովանդակ երկրից, որպէսզի դժուարութիւնները հեշտօրէն յաղթահարուեն»:
Նախագահը եւ սրբազանը անդրադարձան Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան, ընդգծեցին այն անփոխարինելի եւ հսկայական դերակատարութիւնը, զոր հիմնադրուելէն ի վեր ունեցեր է Մխիթարեան միաբանութիւնը՝ աշխարհին յայտնի դառնալով որպէս հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական եւ գիտամշակութային կեդրոն: