ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն Հոկտեմբեր 24ին պիտի այցելէ Ատրպէյճան, ուր պիտի հանդիպի երկրի ղեկավարութեան հետ: Պոլթըն իր «թուիթըր»ի էջին վրայ յայտնած էր, որ Հոկտեմբեր 20ին պիտի այցելէ Ռուսիա, ապա՝ Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան ու մտադիր է հանդիպիլ գործընկերներու հետ՝ «անվտանգութեան ամբողջ շարք մը հարցերով ամերիկեան շահերը յառաջ մղելու համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.