ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ երկար քննարկումներէ եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ անոր անձնակազմին հետ շարք մը հանդիպումներ ունենալէ ետք որոշած է նեցուկ կանգնիլ «S» առաջարկութեան, որ կը վերաբերի քաղաքին մէջ կեանքի որակի եւ կենսական սպասարկութիւններու պահպանման։
Նշենք, որ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Յուլիս 17ին միաձայնութեամբ համաձայն եղած էր այս առաջարկութիւնը Նոյեմբեր 6ին կայանալիք ընտրութեանց քուէաթերթին վրայ դնելու առաջարկին։ Անոր վաւերացումով, քաղաքային վաճառքի տուրքը 0.75 սենթով պիտի աւելնայ, գոյացնելու համար կեանքի որակի եւ կենսական սպասարկութիւններու պահպանման ջանքերուն նպաստող տարեկան 30 միլիոն տոլար գումար մը։
Կլենտէյլի քաղաքակապետական խորհուրդի անդամներուն եւ անոր անձնակազմին հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը շեշտած էր, թէ հաւաքուած յաւելեալ գումարին մէկ մասը պէտք է յատկացնել քաղաքին մէջ աւելի յարմար գիներով բնակարանային կարելութիւններ գոյացնելու, ինչպէս նաեւ զբoսավայրերու, պետական շէնքերու եւ համայնքային կեդրոններու բարեկարգման ջանքերուն եւ երիտասարդներու յատուկ ծրագիրներու։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը շեշտէ, թէ Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները եւս կը ծրագրեն նման տուրք մը հաստատել, սակայն քաղաքային տուրքի մը վաւերացման պարագային, անոր եկամուտը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի քաղաքի ծախսերուն։ Արդ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ քաղաքի հայութեան, որ առաջարկութեան ի նպաստ քուէարկէ։