ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- 2016ի ապրիլեան պատերազմէն ետք, Արցախի Պաշտպանութեան բանակին (ՊԲ) մէջ սկսած կազմակերպչական բարեփոխումներու համալիր ծրագրին համաձայն՝ կառուցուած են շարք մը նոր զօրամասեր եւ ստորաբաժանումներ, որոնց շարքին, նկատի ունենալով արդի մարտական գործողութիւններու վարման առանձնայատկութիւնները, նաեւ՝ ռադիօելեկտրոնային պայքարի համակարգում:
Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ թէ, այդ զօրամասերէն մէկուն բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբերին:
Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակոյ Սահակեան: Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ երկրին ղեկավարը շրջեցաւ զօրամասի ծառայողական ու կենցաղային նշանակութեան գօտիները եւ գնահատեց իրականացուած շինարարական աշխատանքներու որակը: