ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Մուրատ Փափազեանի, Սպարտակ Սէյրանեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի միջեւ հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական ներկայ իրավիճակին եւ յետագայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ յառաջիկայ օրերուն շարունակելու հանդիպումները:
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ