ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը:
Համագումարի նախագահութեան անդամ ընտրուեցաւ Վարուժան Աւետիսեան, որ իր ելոյթին մէջ նշեց կուսակցութեան հետապնդած 4 ուղղութիւններուն մասին, որոնք պիտի ընթանան զուգահեռաբար: Այդ չորս ուղղութիւններն են.
«ա. Հիմնադրել նոր հանրապետութիւն՝ համայն հայութեան կամքն արտայայտելու հնարաւորութիւն ունեցող.
բ. Մեկնարկել միջազգային իրաւունքի սկզբունքների ու նորմերի եւ գործող միջազգային պայմանագրերի հենքի վրայ հայրենիքի ու հայութեան այլ անօտարելի իրաւունքների վերատիրացման եւ ռուսական գաղութատիրութիւնից ազատագրման իրաւաքաղաքական գործընթաց.
գ. Առաջադրել Նախիջեւանի եւ Կուր գետի աջ ափի տարածքների վրայ միջազգային իրաւունքին համապատասխան նոր հանրապետութեան իրաւազօրութեան հաստատումը՝ որպէս այս գործընթացի հերթական քայլ եւ ձեռնամուխ լինել դրա իրականացմանը, ինչի շնորհիւ նոր հանրապետութիւնն ամբողջ իր տարածքի վրայ կը ձեւաւորուի որպէս Կուր-Արաքսեան Հանրապետութիւն
դ. Իրականացնել համակարգային փոփոխութիւններ՝ հիմնուելով ազգային մշակոյթի վրայ, եւ ստեղծագործաբար ներառելով միջազգային փորձը՝ ընդունել նոր Սահմանադրութիւն»:
Համագումարին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ժիրայր Սեֆիլեան: Աւելի ուշ, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ տակաւին չի կրնար անդամագրուիլ կուսակցութեան, որովհետեւ չունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն, զոր ստանալու համար արդէն դիմած է:
«Սասնա Ծռեր»-ը՝ իր անունով եւ կատարած գործով պէտք է պատմուփեան անցնի. Իսկ՝ կուսակցութիւն մը նօյն ոգիով եւ նպատակով՝ նոր եւ իմաստալից անուն պէտք է ունենա՝ առանց յիշեցնելու իր ցաւալի անցեալը…