«Պլումպըրկ» (Bloomberg) թերթ-լրատուական ընկերութիւնը կազմած է Եւրոպայի մէջ զբօսաշրջութեան մէջ արագ քայլերով աճող երկիրներու տասնեակը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Հայաստանը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ թերթը զրուցած է Cox & Kings զբօսաշրջութեան ընկերութեան ամերիկեան մասնաճիւղի տնօրէն Ուորըն Չենկի հետ, որ բացայայտած է Եւրոպայի մէջ այն 10 երկիրները, ուր զբօսաշրջութիւնը կը զարգանայ արագ քայլերով: Ուորըն Չենկ տասնեակը ներկայացուցած է՝ հիմնուելով երկիրներու մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի տարեկան աճի տուեալներուն հիման վրայ:
Խօսելով Հայաստանի մասին՝ ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի տարեկան աճը կազմած է 18.65 տոկոս: Չենկ 2019ի ճամբորդական հետաքրքրական ուղղութիւններէն մէկը կը համարէ Հայաստանը: Ան ըսաւ, որ Cox & Kings ընկերութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին Հայաստանը Վրաստանի հետ կապող նոր երթուղի ներդրել: Ուղղութիւնը սպասարկող զբօսաշրջային ընկերութիւններու շարքին են Abercrombie & Kent, Ker & Downey եւ TCS World Travel ընկերութիւնները, որոնք հաւաքական ուժերով կը գովազդեն Հայաստանի մասին խորհրդանշող այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են Արարատ լեռը եւ Հայաստանի սքանչելի մայրաքաղաք Երեւանը: Կը նշուի նաեւ, որ Abercrombie & Kent-ի միջոցով ճամբորդելու պարագային, հիւրերը նաեւ կ՛այցելեն տեղական քոնեաքի եւ գինիի գործարանները, կը հանդիպին գորգեր արտադրողներու հետ, կ՛ունկնդրեն հոգեւոր երաժշտութիւն հին վանական համալիրներու մէջ եւ հայկական ընտանիքներու հետ կը մասնակցին լաւաշ թխելու արարողութեան:
Հայաստան կը զբաղեցնէ թերթին ներկայացուցած տասնեակի վերջին տեղը: Առաջինը Սան Մարինօն է, երկրորդը՝ Վրաստանը, իսկ երրորդը՝ Իսրայէլը: Տասնեակին մէջ են նաեւ Թուրքիան, Իսլանտան, Մակեդոնիան, Ատրպէյճանը, Մոլտովան եւ Պոսնիա եւ Հերցեկովինան: