ԵՐԵՒԱՆ.- Պատմութիւնը եւ պատմական դէպքերը բարոյական ծանրութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ կը շնչաւորեն մեր ապագան ու իրենց թելադրականութեամբ կը դաստիարակեն յաջորդ սերունդները:
Արձանագրելի այսպիսի եղելութեան մը կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, խմբագիր, գրող, ուսուցիչ-դաստիարակ եւ ազգային գործիչ Գաբրիէլ Լազեանի կողմէ Գահիրէի մէջ պատրաստուած ու տպագրուած ՀՅԴ պատմութեան լուսանկարչական փաստագրական ալպոմը:
Ալպոմին մէջ ընդգրկուած են մեր ազատագրական զարթօնքէն վաւերական լուսանկարներ (1890-1960) թուականներուն վերաբերեալ: Ալպոմը վերջերս պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Յունաստանի ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ աշխոյժ գործունէութեամբ յատկանշուած Գաբրիէլ Լազեանի հանգուցեալ այրիին՝ Նաթալի Լազեանի անունով, իր զաւակին՝ Այտա Մահլուֆ-Լազեանի ձեռամբ՝ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրութեան:
Ալպոմը կը վերաբերի 1959ին Գահիրէի մէջ գումարուած ՀՅԴ 17րդ Ընդհանուր ժողովին: Նշենք, թէ Գաբրիէլ Լազեան նոր մահացած էր եւ ժողովին մասնակցող ընկերներուն կողմէ՝ իբրեւ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն պատգամաւորները, իւրաքանչիւրը անհատաբար, ստորագրեցին նշեալ ալպոմին մէջ, պատուելով զայն ու գնահատելով Նաթալի Լազեանի լուռ, խոնարհ ու լուսարձակներէ հեռու գործունէութիւնը: Ստորագրողներուն կողմէ երեւցող անուններէն յատկանշականօրէն նշենք հետեւեալները՝ Ռուբինա Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան, Օննիկ Մաճառեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Հրաչ Փափազեան, Պերճ Մսրլեան, եւ այլն:
Լուսանկարչական սոյն ալպոմը՝ «Ազատ Օր»ի տնօրէն Մայք Չիլինկիրեանի կողմէ վերջերս յանձնուեցաւ Երեւանի մէջ ՀՅԴ պատմութեան թանգարանի հիմնարկի տնօրէն Անուշ Ամսէեանին, թանգարանին մէջ իր իմաստալի ու խորհրդանշական արժանի տեղը գրաւելու համար:
Պատմութեան համար նշենք, թէ Գաբրիէլ Լազեան մահացաւ 1959ին, սակայն իր գրական եւ հրատարակչական բեղուն գործունէութեան պատկանող գործերը, իր օգտաշատ ու դաստիարակիչ շահեկանութեան համար, տասնամեակներ օգտագործուեցան ազգային-կուսակցական դաստիարակութեան նպատակով, սերունդներու նկարագիրի մշակումին ու թրծումին համար, ծանօթացնելով անոնց մեր ազգային-յեղափոխական պատմութեան տարբեր եղելութիւնները, հանգրուաններուն դերակատար գործիչները եւ հերոսները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանի պատմութիւնը՝ լուսանկարներու ճամբով, եւ անոնց ընդմէջէն վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը, որ այսօր ալ կ՛արտացոլայ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հայ կեանքին մէջ: