ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հանգուցեալ յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է իր 2018 տարեշրջանի 5000 տոլար կրթանպաստը յանձնել ջութակահար Հայկ Յովսէփեանին՝ Պելմոնթ Մեսեչուսեցէն։
Յովսէփեան 4 տարեկանին սկսած է ջութակ նուագելու, իսկ 15 տարեկանին սկսած է յաճախելու Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոց-երկրորդական վարժարանը, իսկ ներկայիս 2րդ տարուան ուսանող է հեղինակաւոր Քլիվլընտի Երաժշտական հաստատութեան մէջ, մասնագիտանալով դասական ջութակի կատարումներու մէջ։ Ան մասնակցած է շարք մը ելոյթներու եւ արժանացած հեղինակաւոր մրցանակներու։
Միաժամանակ, Էտուարտ Հօշարեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամը կը հաղորդէ, թէ արդէն իսկ սկած է 2019ի կրթանպաստներու դիմումնագիրները ընդունելու։
Երաժշտութեան մէջ մասնագիտացող եւ առնուազն համալսարանական երկրորդ տարուան լիաժամ հայ ուսանողներու յատուկ սոյն կրթանպաստի մանրամասնութեանց եւ դիմումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.edwardhosharian.com կայքը: Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնել եւ կրթանպաստի հիմնադրամին առաքել մինչեւ Փետրուար 1, 2019։
Հիմնադրամը նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողներու՝ 5000 տոլար կրթանպաստ տրամադրելով:
Նաեւ, Էտուարտ Հօշարեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամի համերգներու յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ խմբավար Կրեկ Հօշարեանի ղեկավարութեամբ, «Արմինիըն Փափս» նուագախումբը իր տարեկան ելոյթը պիտի ներկայացնէ Փասատինայի «Էմպեսետըր» սրահին մէջ, Մարտ 31, 2019ին: Այս համերգներուն հասոյթը կը տրամադրուի կրթանպաստի հիմնադրամին։ Համերգին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 722-3965 թիւին։