ՊԷՅՐՈՒԹ.- 17 Սեպտեմբերին, «Ազդակ» այցելած է վիրաբոյժ Սեւակ Պաստեան, որուն մեծ հայրը Արմէն Գարոյի հօրեղբօրորդին է: Ան ներկայիս կ՛ապրի Լոս Անճելըս. ժամանած է Լիբանան, որմէ ետք պիտի անցնի Երեւան, ապա՝ Արցախ, որպէսզի անվճար վիրաբուժութիւններ կատարէ Ստեփանակերտի մէջ:
Ան կը պատմէ, թէ իր հօր մականունը՝ Պաստրմաճեան, վերածուած է Պաստեանի: Հայրն ու մայրը Լիբանանէն են, իսկ պատերազմին՝ 1976ին, գաղթած են Ամերիկա: Ան ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ՝ 1985ին, եւ իր եղբօր հետ յաճախած են տեղւոյն միակ հայկական վարժարանը: Հայկական եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն ըրած ու ՀՄԸՄի պասքեթպոլի խումբէն ալ խաղացած են: Ուսումը շարունակելու համար Լոս Անճելըս գացած է, ապա՝ Շիքակօ եւ Նիւ Եորք:
Մասնագիտութիւնը ոսկրային վիրաբուժութիւն է: Երկու ամիսէն գործի պիտի սկսի, սակայն նախքան սկսիլը՝ ուզած է գալ Լիբանան եւ տեսնել ծնողքին ծննդավայրը: Հայաստան գտնուած է 12 տարի առաջ: Այն ատեն վիրաբոյժ մօրաքրոջը ամուսնոյն հետ մասնակցած է վիրաբուժութեան մը: Մօրաքրոջը ամուսինը՝ Ֆրանսուա Անթունեան, որ դարձեալ Լիբանանէն է, ներկայիս Սան Ֆրանսիսքօ կ՛ապրի. ան տարբեր առիթներով ձրի գործողութիւններ կատարած է Երեւանի մէջ՝ օգնելով նաեւ հիւանդանոցի մը բացման գործին: Վիրաբոյժը կ՛ըսէ, թէ հինգերորդ տարին է, որ Կլենտէյլէն «Էտվենթիստ» հիւանդանոցը դէպի Հայաստան առաքելութիւններ կը ղրկէ։
«Պիտի միանամ այդ խումբին, որպէսզի մասնակցիմ ծառայութեան: Հաճելի պարտք մըն է, զոր կ՛ուզեմ մատուցել իմ հայրենիքիս: Ուրախութիւն եւ մեծ հպարտութիւն կը զգամ, իբրեւ Արմէն Գարոյի շառաւիղը: Լսած եմ, որ Երեւանը փոխուած է եւ վերածուած գեղեցիկ քաղաքի: Շատ ուրախ եմ, որ կրկին Երեւան եւ Արցախ պիտի երթամ, որպէսզի օգնեմ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին: Շատ հպարտ եմ, որ հայութեան օգնելու առիթ ունիմ: Լիբանանն ալ գեղեցիկ երկիր է: Շատ հայեր կան Լիբանանէն եւ Հայաստանէն դուրս, որոնք հպարտ են, որ հայ են: Կան շատ հայեր, որոնք հայերէն չեն խօսիր, բայց իրենք հարիւր տոկոս հայ են: Հպարտ են, որ կ՛աշխատին եւ կը ծառայեն հայութեան ու Հայ Դատին», կը յայտնէ ան:
Յիշեցնենք, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտվենթիստ» բժշկական կեդրոնը եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը այս տարի որոշած են իրենց առաքելութեան սահմանները ընդարձակել ու հասնիլ Արցախի Հանրապետութիւն: