ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանը «լարուածութեան աճին ուղղուած սադրանք» որակած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ ռազմափորձեր կատարելու հայկական ուժերուն նախաձեռնութիւնը:
Նշենք, որ Արցախի բանակի ստորաբաժանումները Սեպտեմբեր 25էն 28ի միջեւ ռազմափորձեր կ՛իրականացնեն Արցախի մէջ։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ կապակցութեամբ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն՝ «թշնամիին օդուժը պիտի ոչնչացուի, եթէ փորձէ մօտենալ ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն»:
Ըստ նոյն նախարարութեան՝ «հաւանական կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը»:
Միւս կողմէ, արեւմտեան լրատուական գործակալութիւններու հարցումներուն պատասխանելով՝ Արցախի ուժերու հրամանատարները ըսին. «Ատրպէյճանի ուժերի կողմից վտանգի դէպքում՝ առա՛նց վարանելու պատասխան կը տանք»:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 26ին, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրաբ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: