ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19էն 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի վարչապետին կինը՝ Աննա Յակոբեան, աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Ս. Փեթերսպուրկ, ուր մասնակցեցաւ «Կանայք՝ յանուն համերկրային անվտանգութեան եւ կայուն զարգացման» երկրորդ եւրասիական համաժողովին:
Յակոբեան Սեպտեմբեր 21ի առաւօտեան ելոյթ ունեցաւ համաժողովին, ուր յայտնեց, որ բնոյթով առաւել խաղաղասէր, բռնութիւնն ու տառապանքը մերժելու հակուած կանանց դերը անգնահատելի է մեծ ու փոքր պատերազմներէն, աղէտներէն, միջավայրային հարցերէն եւ անընդհատ հրահրուող մրցավազքէն ծանրացած մեր մոլորակի բեռը թեթեւցնելու, ելք գտնելու, որեւէ բան դէպի լաւը փոխելու հարցին մէջ:
Յակոբեան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց իր նախաձեռնած «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւը:
«Արշաւի ամբողջ իմաստն այն է, որ մենք՝ որպէս կին եւ որպէս մայր, համախմբուենք եւ միաձայն յորդոր ուղղենք ղարաբաղեան խնդրում ներգրաւուած բոլոր դերակատարներին՝ արմատապէս մերժելու հակամարտութեան ռազմական լուծման տարբերակը եւ լուծումներ գտնելու՝ առանց կրակելու, առանց հայ եւ ադրբեջանցի երիտասարդների կեանքը խլելու: Վերջ ի վերջոյ, մարդկային միտքն անսահման է, եւ ցանկութեան դէպքում կարելի է անել նոյնիսկ անհնարինը», նշեց Յակոբեան: Ան իր ելոյթը եզրափակեց ներկաներուն ուղղուած խնդրանքով՝ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը արտայայտելու «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւին՝ նշելով, որ մտադիր չէ նախաձեռնութիւնը սահմանափակել միայն արցախեան հարցով:
«Իմ մեծ ցանկութիւնն ու ծրագիրն է ընդլայնել դրա աշխարհագրութիւնը եւ խաղաղութեան ուղերձով հանդէս գալ աշխարհի տարբեր թէժ կէտերում: Ապաւինում եմ ձեր աջակցութեանը՝ մեր աշխարհը մի փոքր աւելի լաւը դարձնելու հարցում», ըսաւ Յակոբեան:
Համաժողովին կը մասնակցէին աշխարհի 120 երկիրներէ շուրջ 2000 կին հասարակական, քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ եւ մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներ: