ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, 16 Սեպտեմբերին, Հայց. Առաքելական եկեղեցին նշեց Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին։
Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագեց, սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Խաչ տաճարին մէջ։ Արարողութիւններուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները, շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ու ուղեկից միութեանց ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, որ նաեւ սպասարկեց Ս. սեղանին։ Ներկաներու շարքին էին Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները։
Պատարագին ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը սարկաւագութեան կարգ շնորհեց տաճարի դպրապետ Նորայր Դերձակեանին. խարտաւիլակն էր հայր Միւռոնը։
Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Ս. Խաչ տաճարի ու զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը՝ գոհունակութիւն յայտնելով, որ մեր եկեղեցւոյ տաղաւարներէն վերջինը՝ Ս. Խաչի վերացման տօնը, բոլորը համախմբած է տաճարի կամարներուն տակ։ Ան շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց ձեռնադրեալ սարկաւագին՝ նշելով, որ անոր ծանօթ է Դպրեվանքի օրերէն եւ որ անոր ծառայութիւնները այսօր զինք արժանի դարձուցած են այս պատիւին։ Առաջնորդը նաեւ մաղթեց, որ Նորայր սարկաւագ իր առաքելութիւնը շարունակէ նոյն հաւատքով ու նուիրումով, եւ յորդորեց զայն ու բոլոր սարկաւագները՝ հետեւելու Ստեփանոս նախասարկաւագի նուիրաբերումի օրինակին։
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ այս տօնը մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու պաշտօնական վերամուտին օրն է, ապա ողջունեց եւ օրհնեց թեմի ու տաճարի Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ազգային աւանդներով հարստացումի նոր շրջան մը։
Այնուհետեւ, սրբազանը կանգ առաւ օրուան տօնի խորհուրդին վրայ։ Ան Յիշեցուց, որ այս տօնին մենք կը նշենք Քրիստոսի խաչափայտին գերութենէ դարձին, ապա Հայաստանէն անցնելով՝ անոր Երուսաղէմ տարուելուն ու բարձրացումին յիշատակը։ Առաջնորդը շեշտեց, որ Խաչը Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, բայց մանաւանդ սիրոյ, զոհաբերութեան ու Աստուծոյ կամքին ենթարկուելու խորհրդանիշ մըն է։ Ան յորդոր ուղղեց հաւատացեալներուն վերանորոգուելու այս տօնին խորհուրդներով, միաժամանակ վերանորոգելով ընտանեկան ու հաւաքական կեանքերը։
«Խաչը բոլորիս ուղեցոյց է ու ապաւէն։ Երբ ենթակայ կ՛ըլլանք կեանքի մոլորեցնող ազդեցութիւններուն, անիկա մեզի կը պատգամէ ներողամտութեամբ եւ սիրով վերաբերիլ իրարու հետ, եւ այս ոգիով ծառայել մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, ազգին ու հայրենիքին», ըսաւ առաջնորդը, անգամ մը եւս շնորհաւորելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Խաչի առաջնորդութիւնը ընծայէ բոլոր հաւատացեալներուն։
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ ռեհանի օրհնութիւն։ Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն։ Աւարտին, ներկաները երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ «Մեր Հայրենիք»ը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ճաշ՝ հիւրընկալութեամբ տաճարի տիկնանց միութեան։ Յանուն հոգաբարձութեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Պերճ Պապիկեան։ Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհի Ծովիկ Քէլլէեան բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ սրբազանին եւ ներկաներուն՝ յայտնելով, որ Կիրակնօրեայի եւ Պատանեացի անդամներ յատուկ յայտագիր մը պիտի ներկայացնեն Ս. Խաչի տօնին առթիւ։
Ճաշի պահուն, Կիրակնօրեայի եւ Պատանեաց խմբակէն պատանիներ ելոյթ ունեցան եւ Խաչվերացի տօնին խորհուրդը ներկայացուցին՝ հարցումներով եւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։
Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին եւ հաւատացեալներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան տօնակատարութեան եւ մատաղօրհնէքին։
Առաջնորդը արտասանեց փակման խօսքը եւ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնները։