ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան 17 Սեպտեմբերին աշխատանքային երկօրեայ այցելութիւններ ունեցաւ Տաւուշի մարզին մէջ:
Նախարարը նախ մարզպետ Վահէ Ղալումեանի եւ փոխնախարար Արտակ Քամալեանի ուղեկցութեամբ այցելեց «Իջեւանի գինու, կոնեակի գործարան»ը, ուր արդէն երրորդ օրն է, որ մեկնարկած են խաղողի մթերման աշխատանքները: Ընկերութեան տնօրէն Արտակ Պարոնեան տեղեկացուց, որ Իջեւանի մթերանոցին մէջ նախորդ տարի մթերուած էր 700 թոն խաղող, այս տարի գործարանը պատրաստ է մթերել անսահմանափակ քանակութեամբ խաղող:
«Իջեւանի գինու, կոնեակի գործարան»ը կ՛արտադրէ նաեւ պահածոներ, որոնք կը վաճառուին տեղական եւ արտասահմանեան շուկաներու մէջ:
Այնուհետեւ նախարարը մարզպետարանին մէջ ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան մարզպետարանի, Գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամի, Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի եւ անասնաբուժական տեսչութեան մարզային պատասխանատուներ:
Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ կառավարութեան նախորդ նիստին ընդունուած որոշման՝ աջակցութիւն ստացող սահմանամերձ 37 բնակավայրերու հողօգտագործողներուն փաստացի կատարուած աշնանացանը հացահատիկային մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւններու համար պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ:
Նախարարը ընդգծեց, որ Տաւուշի մարզէն ցանկին մէջ ընդգրկուած են 27 համայնքներ, ուր գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներէն իւրաքանչիւրին, հեկտարի հաշուով, 60,000 դրամ պիտի տրամադրուի մինչեւ 7 հեկտար աշնանացանի համար:
Խորհրդակցութենէն ետք Խաչատրեան ուղեւորուեցաւ սահմանամերձ Ոսկեպար բնակավայրը, ուր զրուցեց բնակիչներու հետ եւ ծանօթացաւ անոնց յուզող հարցերուն:
Նախարարը գտնուեցաւ նաեւ Կոթի գիւղ, որ շուրջ 450 հեկտար ցորենի դաշտ կայ:
Նախարար Խաչատրեան այցելեց նաեւ սահմանամերձ Բաղանիս գիւղը: Բաղանիսցիները նշեցին, որ որեւէ հարց չունին՝ արդիւնաւէտ գնահատելով գիւղատնտեսական տարին:
Ըստ Բաղանիսի վարչական ղեկավար Նարեկ Սահակեանի՝ այս տարի մէկ հեկտարէն ստացած են շուրջ 3 թոն ցորեն, որ, նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ բարձր ցուցանիշ է:
Յաջորդ օրը նախարարը այցելեց Բերդաւանի գինիի գործարանը: Ապա ան ուղեւորուեցաւ Բագրատաշեն համայնք, ուր լիբանանեան «Կարդենիա Գրէյն Տոր» ընկերութեան կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրով հիմնուած են 3 տեսակի ընկուզենիի այգիներ: