«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները, այս Կիրակի, Նոր Հայաստանի ժողովրդավարական ու արդար ընտրութեանց առաջին փորձաքարը պիտի հանդիսանան: Յոյս ունինք, որ ընտրակեղծիքները պատժելու իրաւապահ մարմիններուն վճռականութիւնը իր արդիւնքը կու տայ եւ կարելի կ՛ըլլայ յստակ գնահատել իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ժողովրդականութեան աստիճանը:
Կան, անշուշտ, ընտրութենէն առաջ կատարուած հարցախոյզներ, որոնք անցեալին երբե՛ք վստահութիւն չեն ներշնչած. այսօր եւս պատճառ չունինք անոնց վստահելու: Յամենայնդէպս, արդար ընտրութիւնները նաեւ այդ հարցախոյզներու ճշմարտութեան ցուցանիշը պիտի դառնան:
Ըստ «Հայկական սոցիոլոգիական ասոցիացիա»ին Երեւանի 18 եւ վեր տարիքի 1000 բնակիչներու հետ կատարած հարցախոյզի արդիւնքներուն՝ կուսակցութիւններուն ի նպաստ քուէարկողներու տոկոսները բաժնուած են հետեւեալ կերպով. ԻՄ ՔԱՅԼԸ դաշինք՝ 48.5 տոկոս, ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ/ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ 14 տոկոս, ԼՈՅՍ դաշինք՝ 13.7 տոկոս, ԵՐԿԻՐ ԾԻՐԱՆԻ՝ 5.6 տոկոս, ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ՝ 3.9 տոկոս, ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆ դաշինք՝ 2.6 տոկոս, ԵՐԵՒԱՆՑԻՆԵՐ դաշինք՝ 2.2 տոկոս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ 2.0 տոկոս, ՕՐԻՆԱՑ ԵՐԿԻՐ՝ 2.0 տոկոս, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻ՝ 0.8 տոկոս, ՀԱՅՔ (ՀԱՅԿԱԶՈՒՆՆԵՐ)՝ 0.8 տոկոս եւ ՌԵՖՈՐՄԻՍՏՆԵՐ՝ 0.6 տոկոս: Չկողմնորոշուած քուէարկողները կը կազմեն 3.3 տոկոս:
Դաշնակցութիւնը, օրէնքով սահմանուած մինչեւ վերջին վայրկեանը, պիտի շարունակէ իր աշխո՛յժ ընտրապայքարը, եւ կը յուսանք, որ այս հարցախոյզին նշած թիւը կը յաղթահարուի: Գիտակից ըլլալով, թէ անցեալին մեր քարոզչական ու բացատրական աշխատանքները չեն կրցած լայն հասարակութեան մօտ յառաջացնել այս ազգային կուսակցութեան գործունէութեան հանդէպ դրական զգայնութիւն, որ կրնար վերածուիլ կողմ քուէի, համոզուած ենք, որ ստացուած արդիւնքները ուշադրութեամբ պիտի արժեւորուին եւ կուսակցութեան հետագայ աշխատանքներուն մէջ համապատասխան ճշ-գրտումներ կատարելու քննարկումներ պիտի սկսին:
Մէկ բան սակայն յստա՛կ է. անկախ Կիրակի օրուան արդիւնքներէն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մնա՛յ Հայաստանի քաղաքական կեանքի առանցքային ուժերէն մէկը. իր կենսունակ գաղափարախօսութեամբ, կազմակերպական տոկունութեամբ ու համահայկական կառոյցներու անվերապահ աջակցութեամբ պարտականութիւն ու պատասխանատուութիւն ունի ծառայելու Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:
Կիրակիի հանգրուանէն ետք՝ նո՛ր անկիւնադարձ պիտի ըլլայ ՀՅԴի համար: