ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի մէջ ծնելիութեան ցուցնիշը կը կազմէ 1.7 երեխայ մէկ կնոջ հաշիւով, որ ցած է բնակչութեան բնական վերարտադրողականութիւն ապահովող մէկ կնոջ հաշիւով՝ 2.1 երեխայ ցուցանիշէն: Ծնելիութիւնը վերջին 30 տարիներուն ընթացքին շուրջ կէս երեխայի չափով նուազած է: Ծնելիութեան ամէնէն ցած ցուցանիշները արձանագրուած են Արագածոտն եւ Գեղարքունիք մարզերուն մէջ, իսկ ամէնէն բարձրը՝ Տաւուշի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.