ԵՐԵՒԱՆ, «Արմրադիօ».- Հայ-թրքական սահմանը հատած 16ամեայ Ումութ Ալի Օզմենի մասին թրքական մամուլը լայն քննարկումներ կը կատարէ: Նոյն ժամանակ կը հերքուին տարածուած այն տեղեկութիւնները՝ ըստ որոնց իբրեւ թէ նախագահ Էրտողան հեռաձայնած է վարչապետ Փաշինեանին, եւ թէ թրքական կողմը միջազգային ոստիկանութեան միջոցով դիմած է Հայաստանին:
Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, «Վերադարձ» հիմնադրամի նախագահ Արագած Ախոյեան Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբերին անչափահասներու բանտին մէջ հանդիպեցաւ հայ-թրքական սահմանը երկու ամիս առաջ հատած Կարսի մարզի 16ամեայ բնակիչ Ումութ Ալի Օզմենի հետ: Ախոյեան հերքեց թրքական մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերը, թէ Օզմենի պահման պայմանները անբաւարար են:
«Այցելեցի դատապարտեալների հիմնարկ եւ հանդիպեցի երեխայի հետ: Բաւականին խելօք էր, խնդրում էր միջամտել, որպէսզի արագացնեն գործընթացը: Ասում էր դասերն սկսուել են, եւ ինքը յետ է մնում: Այն լուրերը, որ տարածուել էր իր վատ լինելու մասին, այդպէս չէ: Երեխան ունի հնարաւորութիւն խօսելու ծնողների հետ: Աւելին՝ ծնողները երկու անգամ այցելել են որդուն, կապը կայ»:
Թուրքիոյ Մեջլիսի նախկին պատգամաւոր Ուֆուք Ուրաս անցեալ Ուրբաթ դիմած էր Արագած Ախոյեանին եւ խնդրած աջակցիլ թուրք սահմանախախտի վերադարձի գործին:
«Եթէ իր մէջ վտանգ պարունակող գործողութիւններ չեն ծաւալուել, ուրեմն մէկ ժամ շուտ պէտք է արտայանձնել, քանի որ անչափահասի հետ գործ ունենք: Եւ վաղը չգիտենք, թէ մենք ինչ խնդրանքով կը դիմենք: Կարող է այս բարի կամքի դրսեւորման ֆոնի ներքոյ ստեղծուի այնպիսի մի նոր յարաբերութիւն, որ մեր հայրենակիցները յայտնուեն մի ինչ-որ իրավիճակում ու յայտնուեն բանտում, մենք նոյնպէս դիմենք իրենց»:
Նշենք, որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու բացակայութեան պատճառով թրքական կողմը Ումութ Ալի Օզմենին ետ ստանալու պահանջը ներկայացուցած է Վրաստանի միջոցով, ինչպէս նաեւ կապ հաստատուած է միջազգային ոստիկանութեան հայկական ստորաբաժանումին հետ: Հայաստանի ոստիկանութիւնը հերքած է, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը դիմած է Հայաստանին:
16ամեայ պատանին՝ ըստ թուրքական կողմին, աւագ դպրոցի աշակերտ է, որ սահմանը հատած է անզգուշօրէն, երբ իրենց գիւղի ոչխարները արածելու ատեն հետաքրքրութենէն դրդուած յառաջ անցած է ու յայտնուած սահմանին միւս կողմը: