Երեւանի մէջ, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, կայացաւ Հայ-ամերիկեան գործարար ֆորումը, որուն շրջանակներուն մէջ Հայաստան ժամանած հիւրերուն ներկայացուեցան Հայաստանի արհեստագիտութեան (ՏՏ) ներուժը: Ամերիկացի գործարարներ եւ քաղաքական գործիչներ այս առթիւ ծանօթացան հայաստանեան ընկերութիւններու հնարաւորութիւններուն:
Միջոցառման ընթացքին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ ՏՏ աշխոյժ ոլորտ, որ հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ բոլորին։ «Անցեալում եւս եղել են յարաբերութիւններ՝ հայաստանեան եւ ամերիկեան ընկերութիւնների միջեւ, բայց այս անգամ փորձում ենք ամէն ինչ կազմակերպել՝ աւելի՛ համակարգուած կերպով: Այցելութիւնն ունի B2B (business-to-business) ֆորմատ (ձեւաչափ): Այցելում ենք տարբեր ընկերութիւններ եւ դպրոցներ», յայտնեց քաղաքապետը:
Ամերիկեան պատուիրակութեան անդամ՝ Քալիֆորնիոյ համայնքային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ իր կարգին նշեց, որ իրենք Հայաստան ժամանած են տեղական մարտահրաւէրներուն ծանօթանալու նպատակով:
«Միջոցառման նպատակն է շարունակել առկայ երկխօսութիւնը: Որքա՛ն աւելի մանրակրկիտ կերպով ծանօթ ըլլաս խնդիրներուն, այնքա՛ն աւելի շատ կրնաս օգնել: Յոյս ունինք, որ կը շարունակենք կամրջել երկու երկիրներուն տնտեսական հնարաւորութիւնները: Ինծի հետ այստեղ կը գտնուին եւս երեք օրէնսդիրներ, որոնք կը ներկայացնեն Լոս Անճելըսի տարբեր հատուածները: Կարելի է ըսել՝ ասիկա մեր առաջին յատկանշական գործարար-այցելութիւնն է տարածաշրջան, որ, սակայն, պիտի ըլլայ շարունակական», ըսած է ամերիկացի ծերակուտականը:
Ըստ Ֆորումի կազմակերպիչ, Առաջատար տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան (ԱՏՁՄ) գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեանի՝ հայաստանեան ՏՏ ոլորտի հիմնական գործընկերը կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգները, որուն հասցէագրուած է այս ոլորտի արտածումներուն 60 տոկոսը։
«Միացեալ Նահանգները աշխարհի տեխնոլոգիական առաջատարն է: Բնակա՛ն է, որ համագործակցում ենք այդ երկրի՝ ինչպէս տեխնիկական, այնպէս էլ քաղաքական շրջանակների հետ, որպէսզի լաւագոյն միջավայրը ստեղծենք մեր ընկերութիւնների համար», ըսած է Վարդանեան: