«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեղը ըլլայինք՝
– Արդէն զօրակցութիւն յայտարարած ըլլալով Հայկ Մառութեանին՝ քաղաքապետական ընտրութիւններուն, կը բաւարարուէինք այդքանով ու ամէնօրեայ քարոզչութեան մասնակցելէ կը խուսափէինք: Ամէն օր ժողովուրդին առաջ դուրս գալու եւ զօրակցութիւնը կրկնելու կարիքը բնա՛ւ չկայ: Ընդհակառակը, ամէն օր կը պակսի զօրակցութենէն ակնկալուած ուժականութիւնը: Եթէ հաւատանք «Կալլըփ»ի հարցախոյզի արդիւնքներուն, ապա Մառութեանի ի նպաստ քուէարկողներուն համեմատութիւնը կը գնահատուի 38 տոկոսով: Երբ իրաւա՛մբ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան անունով կը խօսինք, ինչո՞ւ հարցականի տակ դնենք այդ ժողովրդականութիւնը՝ մեր զօրակցութեամբ իսկ յիսուն տոկոսէն պակաս քուէ հաւաքող թեկնածուի մը ամէն օր գովերգանք շռայլելով:
– Իր բռնապետական վարքագիծով աշխարհին յայտնի Իլհամ Ալիեւի՝ Հայաստանի մէջ բռնապետութեան հաստատման մասին քարոզչական ճարպիկութիւնը լուրջի կ՛առնէինք եւ մեր արտայայտութիւններէն ու կեցուածքներէն՝ բացարձակ իշխանութեան տիրացողի շեշտերէն կը խուսափէինք: Թաւշեայ յեղափոխութեան սիրոյ եւ համերաշխութեան երանգները հսկայական հմայք ու վարկ շահեցան մեր երկրին ու յեղափոխութիւնը իրականացնողներուն համար: Պէտք չէ՛ մսխել այն քաղաքական բաժնեթուղթերը, զորս մեր պետութիւնը շահեցաւ միջազգային հանրութեան համակրանքը գրաւելով: Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ հայկական կողմի քարոզչութեան հիմքերը ամուր պահելու նախանձախնդրութիւնը մի՛շտ առաջնահերթ պէտք է ըլլայ, մանաւանդ այնպիսի ժամանակ, երբ Ալիեւի բռնապետական գործողութիւնները աւելի ու աւելի յստակօրէն կը տեսնուին բոլորին կողմէ: Ատրպէյճանի դէմ քարոզչական պայքարի մեր ակներեւ յաղթանակը այլ հաշուարկներու զոհ պէտք չէ՛ դարձնել:
– Քոչարեանի եւ ընդհանրապէս նախկին պաշտօնեաներու յանցագործութիւնները բացայայտելու աշխատանքները մասնագիտական բարձրագոյն մակարդակով առաջ տանելու խի՛ստ ցուցմունք կու տայինք մեր քննչական ու դատական մարմիններուն: Հսկայական հնարաւորութիւն եւ քաղաքական ու տնտեսական ուժեղ լծակներ շարժելու կարողութիւնը ապացուցած նախկին նախագահը, կրնայ մանաւանդ «չինովնիկ» (պաշտօնէական) շրջանակներու մօտ վախի ու անցեալի ազատ թալանի կարօտախտի հրահրումով թունաւորե՛լ մթնոլորտը եւ հասարակութեան մէջ լարուածութեան կեղծ տպաւորութիւն յառաջացնել:
– «Կպա՛ծ» կ՛աշխատէինք՝ յեղափոխութեան խոստումները իրականացնելու:
Եթէ վարչապետ Փաշինեանի տեղը ըլլայի՝
— Չ«կոռումպացուած» համալսարանի մը մէջ՝ «Ինչպէ՞ս Համեստ Առաջնորդ Ըլլալ» արագացուած «քուրս»ի կը հետեւէի:
— Հանրութեան կը պարզէի կացութիւնները ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս որ են, եւ ո՛չ այնպէս, ինչպէս «պէտք ա»՝ իմ միապետական իշխանութեան սահմանները ընդարձակելու համար:
— Չ«կոռուպացուած» որեւէ համալսարանի քաղաքական գիտութեանց առաջին «քուրս»ի ոեւէ աշակերտի կը հարցնէի «ժողովրդավարութեան» եւ իմպերիալիզմի տարբեդութեան մասին:
— Ինծի, կամ իմ «թիմ»ի ոեւէ անդամին մի փոքր ծուռ նայողին չէի դներ տակառին մէջ, եւ տո՛ւր-հա-տո՛ւր չէի զղջացներ՝ աչք ունեցած ըլլալուն համար:
— Իմ «թիմ»ի անդամներէն ամենէն երկար մօրուք ունեցող փորձառո՛ւ պաշտօնեային կը շնորհէի ինծի համար Ռուսերէնէ-Հայերէն «Գրպանի Բառարան» մը գնելու եւ զայն կապոյտ բաճկոնիս գրպանը տեղաւորելու պատիւը:
— Պէյրութի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հայերէնագիտութեան դասընթացքներուն կը հետեւէի «ինտերնետ»ի միջոցով:
— «Դուխով» տպագրուած գլխարկները ժողովուրդէն ետ կը գնէի այնպէս՝ ինչպէս ԱՄՆ-ի մէջ ոստիկանական բաժանմունքներ զէնքերը կը գնեն՝ նուազ վտանգաւոր դարձնելով «նորմալ մարդկանց» կեանքը…:
— Չհաւասարակշռուած պիւտճէէն յատուկ գումար կը «ֆիքս»էի՝ եւ «յեղափոխական» կառավարութեան 150-րդ օրուան տօնակատարութեան ընթացքին ածելիներ կը նուիրէի տղամարդոց՝ թելադրելով որ իրենց երեսներուն հետ մաքրեն նաեւ իրենց հոգիները:
— Պետական գործի ընդունուելու եւ «թիմ»ի լիիրաւ անդամ դառնալու համար՝ մօրուք պահելը նախապայման չէի դներ:
— Եւ վերջապէս՝ Ռապըրթ Փէյնի հեղինակած՝ «Ատոլֆ Հիթլերի Կեանքը եւ Մահը» հատորը ուշի-ուշով կը կարդայի:
Շատ ճիշդ են, կայ տակաւին աւելին … որ յետոյ կը խօսինք անոնց մասին: Միասնութիւնը պահելու տեղ ճեղքեր բանալ սխալ է:
Անգամ մը մեր թերթերէն մէկուն մէջը կարդացի, որ Փաշինեանը եւ իր խումբը ձեւով մը համայնավարներուն ըրածները կընեն կամ կը յիշեցնեն. այն ատեն ըսի, որ մարդիկ կը չափազանցեն. նորին եւ լաւութիւն խոստացողին միշտ քննադատող եւ վար զարնող կըլլայ: Հիմա կը տեսնեմ, որ ատ գրողը բաւական իրաւունք ունի եղեր: Վարչապէտը կառավարութեան ժողովներուն տեսակ մը դիմակ կը գործածէ, ընտրական բեմերուն վրայ տարբեր դիմակ. կրնամ ըսել որ դիմակը վար կիջեցնէ: Երբ բեմ ելլէ, ինչպէս որ ըրաւ Օգոստոս 17ին եւ վերջին օրերուն, իրմէ եւ զինք գովողներէն զատ մարդ չի տեսներ, չուզեր մէկը ճանչնալ: Կարծես թէ բոլորնիս կըսէ որ ինքն է միակ Աստուածը, իրմէ զատ ամէն մարդ սատանայ է, սեւի եւ ճերմակի միտքեր մէջտեղ կուգան իր մարդոց բերանով: Համայնավարներն ալ ժամանակին ասանկ կընէին, իրենցմէ զատ մէկը լաւութիւն ընել կարողութիւն չունէր: Յետոյ տեսանք, որ այդ լաւութիւնները ուր հասցուցին Ռուսիան եւ միւս համայնավար երկիրները, մէջն ալ մեր համայնավարներուն Հայաստանը: Եթէ կային համայնավարներ, որ ուիշին մէջն ալ լաւ բաներ տեսնէին, դաւաճան կըսուէին: Աս նոր յեղափոխութիւնը մեր երկիրը ուր պիտի հասցնէ: Եթէ քանի մը լաւ բան ընես, չնշակակէր, որ մարդիկ սխալներուդ վրայ աչք պիտի գոցեն: Ամէն մէկ սխալի գինը մեր երկիրը եւ ժողովուրդը պիտի վճարէ, մարդիկը միշտ չեմ մնար, երկիրը պէտք է մնայ:
Պարոն Վռամ երանի այսպէս խոշորացոյցով նայէիր նաեւ նախորդ իշխանաւորներուն: Այդպիսի փորձ մը եթէ ըրած ըլլայիր, Աստուծոյ փառք պիտի տայիր այս քու նշած «արատ»ներուդ համար: Օրինակ մը տամ: Եթէ քու այսօրուան մի փոքր ծուռ նայողին «տուր հա տուր»ը զինք «զղջացնելու» համար է, երէկուան մի փոքր ծուռ խօսողին «տուր հա տուր»ը մարդուն բառացիօրէն գերեզման կը հասցնէր: Երէկուան արատներուն մասին լուր մնացողները կամ անոնց վրայէն հպանցիկ անցնողները լաւ կ՝ընեն եթէ խոշորացոյցները իրենց գրպանը պահեն: Քու իրաւունքն է անշուշտ մինչեւ իսկ մէկ առ մէկ համրել մարդոց մորուքի թելերը: Շարունակէ, եթէ է այդ է ձեր ուզածը. նայինք ուր պիտի հասնիս: