ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ծիրանի ծառ, բառ մի՛ տայ,
Վա՜յ,
Ճղներդ իրար մի՛ տայ,
Վա՜յ,
Ամէն մէջդ ման գալիս
Ցաւերս իրար մի՛ տայ»
ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Բարեկամի մը տունը այցելութեան գացած էի. երբ կը պատրաստուէի տուն վերադառնալ, իր տան պարտէզէն շատ փոքր, ափի մեծութեամբ տունկ մը տալով ինծի‘ յանձնարարեց ցանել պարտէզիս մէկ անկիւնը:
Քանի մը տարիէն պիտի վերածուի ծառի, որ պիտի յիշեցնէ Պէյրութի այնքա՜ն համով ծիրանի համն ու հոտը: Պարտէզով զբաղելու շատ ժամանակ չեմ գտներ: Պարտիզպանիս կը վստահիմ այդ գործը, սակայն, բացառաբար, այս անգամ ի՛մ ձեռքերով ուզեցի ցանել նուիրուած տունկը, որ քանի մը տարիէն պիտի դառնար ծիրանի ծառ:
Յիշեցի աւելի քան 60 տարիներ առաջ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի մեր տան բակի հօրս ձեռքով ցանուած ու հասակ առած քանի մը պտղատու ծառերը, որոնցմէ նախընտրածս ծիրանի ծառն էր, ոչ թէ՝ ծիրանը շատ սիրելուս պատճառով, այլ պարզապէս, պտուղէն աւելի, հետաքրքրուած էի անոր կորիզով: Կը հաւաքէի այդ պտուղին կորիզները: Մեր մանկական խաղերէն մէկն էր «մշմուշի կուտ»ի խաղը:
* * *
Վերջին օրն է: Ամէն առտուան նման, այսօր եւս դպրոց պիտի երթանք, սակայն երեկոյեան այլեւս պիտի չվերադառնանք այն տունը, ուր ծնած ու հասակ առած ենք:
Պիտի փոխադրուինք մեր նոր բնակարանը: Մէկ սենեակով փոքրիկ խրճիթի փոխարէն՝ քանի մը սենեակներով լուսաւոր տուն մը, որուն առաստաղը նախկինին նման թիթեղածածկ չէ, եւ անձրեւի կաթիլներ այլեւս պիտի չկաթկթին:
Յիշատակներով լեցուն մեր տունը տեսնելու առիթը բնա՛ւ պիտի չունենանք այլեւս: Թաղի տուները, բոլորը անխտիր, հիմնայատակ պիտի փլեն, եւ այդ հողաշերտին վրայ պիտի կառուցուի բարեսիրական միութեան մը հիւանդանոցը:
Քոյրս ու ես վերջին նայուածք մը կը նետենք մեր սիրելի տան ու արագ կ՛ուղղուինք դէպի Ճեմարանի «փոստան», որ արդէն ժամանած է, եւ բարի շարժավարը՝ պարոն Յարութիւն, համբերութեամբ մեզ կը սպասէ:
Քոյրս մեղմ կ՛արտասուէ: Յուզուած եմ նաեւ ես, սակայն արցունքներս զսպելու մեծ ճիգ մը կ՛ընեմ: Չեմ ուզեր, որ ընկերներս լացս տեսնեն:
Ուրախ եմ, որ քարաշէն տան մը մէջ պիտի բնակինք: Դասընկերներէն պիտի չամչնամ այլեւս: Ամէն երեկոյ կողք կողքի, գետինը փռուած անկողիններու վրայ պիտի չպառկինք: Իմ առանձին մահճակալս պիտի ունենամ, բայց հակառակ այս բոլորին՝ տխուր եմ:
Կը կարծէի, որ կարճ ժամանակ ետք յիշողութենէս պիտի ելլէր մեր խեղճուկ տնակը:
«Կեանքի նաւակը հետք չթողուց իր ետին»
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման»։
ՌՈՒԲԷՆ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Սխալած էի:
Հին երազներս ամպերու պէս չանհետացա՛ն, իսկ յիշատակն ալ երգի մը նման չանցա՛ւ:
Ամենատխուրը հայրս էր: Իր ձեռքերով կառուցած էր այդ տնակը, սակայն ապարանքի մը համազօր էր այդ խրճիթը: Իր ծննդավայրը կը յիշեցնէր: Քանի մը պտղատու ծառեր ցանած էր եւ անբացատրելի սէր մը ունէր այդ շնչող «էակներուն» հանդէպ: Տեսած էր անոնց հասակ նետելը, ինչպէս՝ իր զաւակներուն մանկութիւնն ու հասակ առնելը: Վայելած էինք այնքա՜ն համով պտուղները, եւ հիմա… պտուղներով ծանրաբեռնուած ծառերը պիտի թողուր իրենց ճակատագիրին ու հեռանար: Քանի մը օրէն գետնի հաւասար պիտի դառնար մեր տունը, իսկ այնքա՜ն խնամքի արժանացած ծառերը արմատախիլ պիտի ըլլային:
* * *
Մեր նոր բնակարանը լուսաւոր էր եւ ընդարձակ, սակայն հայրս նախկին տնակը կը փնտռէր:
Սկզբնական շրջանին կը կարծէի, որ նախկին դրացիներու կարօտն էր իր տխրութեան պատճառը: Ամէն երեկոյ քանի մը դրացիներ կը հաւաքուէին մեր տան բակը եւ հայրս, բարձրաձայն, «Ազդակ»ի 4 էջերը ծայրէ ծայր կարդալէ, ապա քանի մը թեր ու դէմ կարծիքներէ եւ քաղաքական հարցերը «լուծելէ» ետք, մէկդի կը դնէր օրաթերթը եւ բարձրաձայն կը սկսէր կարդալու հայերէն գիրք մը:
Արեւը արդէն պահուըտած է հորիզոնի ետին: Հեռուէն, նաւահանգիստի նաւերուն ծովու ջուրերուն մէջ պլպլացող լոյսերու ցոլքը շատ աւելի լուսաւոր է, քան՝ մեր տան հազիւ լուսաւորուած բակը, ուր կողք կողքի նստած, խելօք աշակերտներու նման դրացիները կը հետեւին ընթերցումին հօրս, որ այնքա՜ն ապրումով կը կարդար: Ձայնը մերթ կը բարձրանար, մերթ յուզումէն կը խեղդուէր եւ քանի մը երկվայրկեան ընդհատումէ ետք կը շարունակէր իր ընթերցումը: Կարծես դիտումնաւոր կերպով տխուր պատմուածքներ կ՛ընտրէր: Այդ տարիներուն հազուադէպ էր հանդիպիլ զուարթ գրութիւններու:
Ջարդ, տեղահանութիւն, լաց ու ողբ: Բոլորը անխտիր՝ տխուր պատմուածքներ:
Ո՛չ մէկ թեր ու դէմ կարծիք: Քա՛ր լռութիւն: Իւրաքանչիւրը ուշադիր մտիկ կ՛ընէր: Ոմանք նոյնիսկ լուռ կ՛արտասուէին: «Ընտանեզուրկ»ը կարդացած ժամանակ ես ալ լացի: Լացի այնքա՜ն սրտանց: Կարծես կը զգայի ծնողքիս ընտանեզուրկ ըլլալն ու որբանոցներու մէջ հասակ առնելը:
Մեր նոր բնակարանը փոխադրուելէ ետք վերջ գտած էր հօրս բարձրաձայն կարդալու սովորութիւնը, փոխարէնը, քանի մը տարի ետք, մեր տունը բերին «տուփիկ» մը, որուն մէջէն մարդիկ կը խօսէին, կ՛երգէին, ժապաւէն կը ցուցադրէին, իսկ մենք լուռ ու մունջ կը հետեւէինք: Ոչ մէկ թեր ու դէմ կարծիք:
Հայրս կ՛ատէր այդ «թելեվիզիոն» կոչուած տուփիկը: Կը քաշուէր տարբեր սենեակ մը ու կը սկսէր կարդալու… առանձին: Իր ունկնդիրները փոխադրուեր էին տարբեր վայրեր, ինչպէս իր մանկութեան տարիներուն հետքը կորսնցուցած էր Երզնկայի իր համագիւղացիներուն, որոնք տարբեր տուներ չէին փոխադրուած, մեծամասնութեամբ փոխադրուած էին երկնքի արքայութիւն:
Գիւղը ամբողջութեամբ կոտորուած էր:
Շատ աւելի ուշ հասկցայ, որ հօրս նախկին տնակը փնտռելուն մեծագոյն պատճառը իր ցանած ծառերն էին: Շուկայէն պտուղ գնելու կարիքը չէինք զգար: Այդ ծառերը նաեւ մեզ կը պաշտպանէին ամրան կիզիչ արեւէն: Անոնց շուքին տակ այնքա՜ն անուշ փչող զեփիւռը իր գիւղը կը յիշեցնէր:
Փոխադրուած տուներնիս հսկայ շէնք մըն էր: Պտղատու ծառեր ցանելու կարելիութիւնը չունէր հայրս: Ունէինք պատշգամ մը, որուն մէկ անկիւնը մայրս եւ երէց քոյրս քանի մը ծաղիկ եւ անուշաբոյր ռեհան ցանած էին թաղարներու մէջ:
* * *
Սիրելի հայրս արդէն հեռացած է այս աշխարհէն: Ընտանիքով գաղթած ենք ծովերէն անդին, երկրագունդին հակառակ կողմը:
Քանի մը տարի դժուար օրեր անցընելէ ետք մեզի կը վիճակուի ունենալ մեր անձնական տունը՝ իր բաւական ընդարձակ պարտէզով, որ ձեւով մը մանկութիւնս կը յիշեցնէ:
Նոր տանս պարտէզը «մերկ» է: Ամիս մը հազիւ անցած, քանի մը պտղատու փոքր ծառեր գնելով, կը բերեմ տուն եւ պարտիզպանիս քանի մը ցուցմունքներ կու տամ, թէ ո՛ւր պէտք է ցանէ: Լեմոնը՝ խոհանոցի ետեւի դրան մօտ, իսկ աւելի հեռու, քով- քովի՝ մնացած ծառերը:
Յաջորդող քանի մը տարիներուն վայելեցինք անոնց համով պտուղները: Յիշեցի մանկութեանս տարիներուն մեր տան բակը գտնուող պտղատու ծառերը:
Բարեկամիս տուած ափի մը մեծութեամբ բոյսը քանի մը տարի ետք վերածուեցաւ թուփի, ապա հասակիս բարձրութեան հասաւ, իսկ քանի մը ամիս առաջ ճիւղերուն վրայ նշմարեցի տասնեակ մը ծիրան:
Պարտէզիս մէջ գտնուող ծառերէն տարբեր է այս մէկը: Ձեռքովս ցանած եմ, ինչպէս տարիներ առաջ հայրս ցանած էր մեր տան բակի ծառերը, որոնցմէ ծիրանի ծառը կը նախընտրէի: Ներկայիս թէեւ պիտի չհաւաքեմ կորիզները, սակայն ամէն անգամ, երբ համտեսեմ ծիրան մը, տխուր ժպիտով մը պիտի նայիմ անոր կորիզներուն ու յիշեմ մանկութեանս մեր անմեղ խաղերը:
Հայրս, քանի մը պտղատու ծառերու կողքին, մեր տան բակին մէկ անկիւնը ունէր նաեւ փոքրիկ հաւնոց մը, ուր կը պահէր քանի մը հաւ եւ աքլոր մը:
Պտուղներուն նման՝ թարմ հաւկիթը եւս ամէն առաւօտ կը ստանայինք մեր հաւերէն: Քաղաքին մէջ գտնուող փոքրիկ «գիւղ» մըն էր մեր թաղը:
Ծիրանի թուփը ինծի նուիրող բարեկամս հանգստեան կոչուած է եւ ժամանակին մէկ մասը կ՛անցընէ իր պարտէզը խնամելով: Ունէր նաեւ քանի մը հաւ եւ աքլոր մը, յար ու նման՝ Էշրեֆիէի մեր տնակին, ամէն առաւօտ թարմ հաւկիթ կը ստանար իր հաւերէն, սակայն… հոս Ամերիկա է: Կարճ ժամանակ ետք դրացիները գանգատ ներկայացուցած էին ոստիկանութեան՝ պատճառաբանելով, որ ամէն առաւօտ կանուխ աքլորի կանչը կը խանգարէ իրենց անուշ քունը, եւ, այսպիսով, ակամայ վերջ գտած էր անոր «անասնաբուծութիւնը»:
Քանի մը շաբաթ առաջ քաղեցի ծիրանի ծառիս առաջին հունձքը: Ընդամէնը՝ մօտաւորապէս 10 ծիրան: Հաճոյքով ու նաեւ յուզումով համտեսեցի այդ համով պտուղը՝ այնքա՜ն տարբեր շուկայէն առնուածներէն, սակայն կորիզները… գացին աղբաման: Շատ մը մեր մանկական սովորութիւններուն նման՝ «մշմուշի կուտ»ի խաղը անհետացած է: Մանկութեանս տարիներու խաղերը փոխարինուած են ելեկտրոնային խաղերով:
Գնդիկ, հոլ, «չելլիք» եւ աչքխփուք խաղացող չէ մնացած:
Կեանքի նաւակը հետք թողո՛ւց իր ետին:
Մոռացումը չառա՛ւ ինձմէ ամէն բան:
Տակաւին կը յիշեմ գիւղի մը տպաւորութիւնը ձգող, 12 հայ ընտանիքներէ բաղկացած մեր թաղը: Թաղին շունը, թաղեցի ընկերներս, որոնք ցիրուցան եղած են աշխարհի չորս կողմերը: Նոյնիսկ տեղեակ չեմ, թէ ո՛վ տակաւին ողջ է, եւ ո՞վ՝ մահացած:
«Հոգիս սակայն կը յիշէ՛ քեզ,
Ո՛վ ծաղկաւէտ գիւղիս ճամբան,
Ուր քալէինք գառնուկս ու ես
Դէպի պուրակն ու բուրաստան,
Անմեղութեան երազին պէս»:
Ռուբէն Որբերեան
Լոս Անճելըս, 2018