ԵՐԵՒԱՆ.- Creative Spark («Ստեղծարար միտք») խորագիրով ծրագիրի իրականացման ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 4ին փոխըմբռնումի յուշագիր մը ստորագրեցին Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց:
Ծրագիրը առաջարկուած է Բրիտանական խորհուրդին կողմէ: Հնգամեայ այս ծրագիրը նպատակ ունի նպաստել ձեռնարկատիրական կրթութեան եւ ստեղծարար ոլորտի զարգացման մասնակից եօթը երկիրներու, որոնց շարքին՝ նաեւ Հայաստանի:
Նախատեսուած է ծրագիրի մասնակից երկիրներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ-համալսարան) մէջ ստեղծարար ձեռնարկատիրական կեդրոններ հիմնել եւ նպաստել անոնց միջեւ ստեղծարար համագործակցութեան:
Այդ կեդրոնները պիտի համագործակցին նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան համալսարաններուն հետ: Իւրաքանչիւր միջազգային համագործակցութեան համար երկու տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի մինչեւ 50 հազար սթերլին։
Արեւիկ Սարիբէկեան «Ազատութեան» հետ իր զրոյցին ընթացքին ըսած է. «Այս ծրագիրը շատ աւելի կայուն կրնայ ըլլալ, քանի որ պիտի ստեղծուի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգի մէջ եւ կրնայ կրթական համակարգի մաս դառնալ: ԲՈՒՀերը արդէն պատասխանատու պիտի ըլլան այդ կեդրոններու յետագայ կայունացման եւ ծրագիրներու իրականացման համար»:
Այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՛ենթադրէ ծրագիրը, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը տրուին մասնակիցներուն՝ Սարիբէկեան պատասախանեց. «Ծրագիրի հիմնական գործողութիւններէն մէկը այն է, որ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները պէտք է Մեծն Բրիտանիոյ համալսարաններու հետ համագործակցութիւն մշակեն, եւ պէտք է իրե՛նք եւս ներկայացնեն առաջարկներ: Բաց մրցոյթի միջոցով պիտի ընտրուին այդ առաջարկները: Այսինքն, Մեծն Բրիտանիոյ համալսարանը եւ Հայաստանի համալսարանը պէտք է ծրագիր մշակեն, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն ստեղծարար կեդրոնի բացումը եւ զարգացումը տուեալ համալսարանին մէջ: Այդ կեդրոնները աւելի ուշ կրնան աջակցութիւն ցոյց տալ ոչ միայն համալսարանի ուսանողներուն, այլեւ ցանկութիւն յայտնած երիտասարդ մասնագէտներու»:
Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն առաջ, ներկայացնելով «Ստեղծարար միտք» ծրագիրը՝ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի ծրագիրներու ղեկավար Նարեկ Թովմասեան նշեց. «Միացեալ Թագաւորութեան նոր հնգամեայ ծրագիրը կ՛իրականացուի եօթը երկրի՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզիստանի, Իւզպեքիստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Ծրագիրին նպատակն է՝ աջակցիլ ստեղծագործ ձեռնարկատիրական հմտութիւններու զարգացման եւ առհասարակ ոլորտի զարգացման: Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Բրիտանական խորհուրդին կողմէ, որ, օգտուելով Միացեալ Թագաւորութեան ձեռնարկատիրական ու կրթական փորձէն՝ Հայաստանի մասնագէտներու եւ հաստատութիւններու հետ պիտի մշակէ ուսումնական ծրագիրներ, որոնք անմիջապէս պիտի ունենան շահառուներ՝ իւրաքանչիւր երկրի մէջ աւելի քան 10 հազար ուսանող»:
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ. «Մենք յստակ կը գիտակցինք, որ ունինք խնդիր արուեստը եւ մշակոյթը տարածելու առումով: Այն կեդրոնները, որոնք պիտի ստեղծուին, այն վերապատրաստումները, որոնք պիտի ըլլան, այն հմտութիւնները, զորս ձեռք պիտի բերեն մասնակիցները, թոյլ կու տան լուծել իմ նշած խնդիրները: Շա՛տ լաւ է, որ ծրագիրը հինգ տարուան ընթացքին պէտք է իրականացուի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ աւելի շահառուներ պիտի ներգրաւուին»:
Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց իր կարգին աւելցուց. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի ստեղծարար եւ ստեղծագործ միտքի մեծ կարողականութիւն, եւ այդ է պատճառը, որ թէ՛ Բրիտանական խորհուրդը, թէ՛ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը եւ թէ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած են յատուկ կերպով ուշադրութիւն դարձնել այս հանգամանքին վրայ եւ հանդէս գալ այնպիսի նախաձեռնութիւններով, որոնք կը նպաստեն այդ մարզի զարգացման»: