Լոռիի մարզի Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Ալավերդի քաղաքներուն մէջ, Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ բացուեցաւ չորս նոր ձեռնարկատիրութիւն: Բոլոր ձեռնարկութիւնները իրենց գործունէութիւնը սկսած են Եւրոմիութեան եւ ՀՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ՝ «Հայաստանի Փոքր-միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոն»ի (Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ) եւ անոր գործընկերներուն կողմէ իրականացուող «Տարածաշրջանային ՓՄՁներու մրցունակութեան խթանումը» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Apitourism եւ մեղուաբուժութիւնը (apitherapy) նորոյթ են Հայաստանի համար: Մեղուներու միջոցով բուժումներ իրականացնելու նպատակով, Վիգէն Մնացականեան Ալավերդի քաղաքին մէջ հիմնեց իր ձեռնարկութիւնը՝ «ԱրմԲի»ն:
Վանաձորի մէջ բացուած «Գանձակ» արագ սնունդի եւ հացաթխելու վայրի սեփականատէր Ռուզաննա Հայրապետեան իր գործը հիմնած է իր ընտանիքին պատկանող սակայն չգործող նախկին կահոյքի սրահին մէջ:
Արման Առաքելեանը Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքին մէջ հիմնած է «Լոռէ» ՍՊԸն, որ պիտի մատուցէ հիւրընկալութեան ծառայութիւններ: «Լոռէ»ն աշխոյժ զբօսաշրջութեան սիրահարներուն պիտի առաջարկէ ոչ միայն արգելքներով պատ, այլեւ «զիփլայն» եւ այլ արկածային ու ծայրայեղ զբօսաշրջային ծառայութիւններ:
Իսկ նոյն Ստեփանաւանի մէջ բացուած եւս մէկ հիւրանոցի սեփականատէրն է Համլէտ Թումասեանը: Ան ԵՄի աջակցութեամբ կազմակերպուած գործարար դասընթացքին մասնակցելէ ետք ստացած վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներով, աւարտին հասցուցած է հիւրանոցի շինարարական եւ բարեկարգման աշխատանքները եւ ձեռք բերած անհրաժեշտ կահոյքը, նաեւ տեղադրած է փոքրիկ արեւային կայան: Համլէտը իր ընտանեկան հիւրանոցին մէջ պիտի առաջարկէ նաեւ պտոյտներ, հեծանիւային արշաւներ, ձիավարութիւն եւ այլն:
Նշուած չորս նորաբաց փոքր ու միջին ձեռնարկութիւնները արդէն իսկ ստեղծած են ինը նոր աշխատատեղեր: