ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 26ին իր մահկանացուն կնքեց «Արարատ-73» ֆութպոլի խումբի առասպելական դարպասապահ Ալիոշա Աբրահամեան:
Ալիոշա Աբրահամեան ծնած էր 1945ին, Գիւմրի: 1973ին ան Երեւանի «Արարատ»ի կազմին հետ դարձած էր ԽՍՀՄ ախոյեան: ԽՍՀՄ մրցումներուն Աբրահամեան «Արարատ»ի կազմին մէջ մասնակցած էր 276 խաղերու: Օգոստոս 28ին Ալիոշա Աբրահամեան պիտի դառնար 73 տարեկան: Ան վերջին տարիներուն հիւանդ եղած էր: