– Գաղթականներու հաստատման նպաստող պետական գրասենեակներուն 15 տոկոսը փակուած են՝ նախագահ Թրամփի իշխանութեան գալէն ի վեր։
– Սեւամորթ ամերիկացիներու պարագային, երկրին ամենահարուստ ընտանիքներուն 20 տոկոսին մէջ ծնածներուն միայն 17 տոկոսը այդ մակարդակին վրայ կը մնայ չափահաս դառնալէն ետք, մինչ սպիտակամորթներուն պարագային այդ համեմատութիւնը 39 տոկոս է։
– Մինչ Մեքսիքայի տարածքին օրինական խանութներէ օրական միջին հաշուով 33 զէնք կը ծախուի, Միացեալ Նահանգներէն ապօրինի միջոցներով բերուած եւ մեքսիքացիներու ծախուող զէնքերուն թիւը օրական միջին հաշուով 246 է։