Ուրբաթ, 17 Օգոստոս ին, Գերմանիոյ «Մարք Պրանտենպուրկ» տան մէջ տեղի ունեցաւ Ճոնաթան Շպանկենպերկի գեղարուեստական նկարներուն ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շպանկենպերկի մանկութեան եւ Այնճարի վերաբերող անոր աշխատանքները:
1983ին Գերմանիա ծնած Ճոնաթան Շպանկենպերկ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը (1984-2004) անցուցած է Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ: 2004ին, ուսանելու նպատակով վերադարձած է Գերմանիա, Լեվանտ: 2008ին տեղափոխած է Հայաստան, ապա՝ 2010ին, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ 2013ին դարձեալ Լեվանտ:
Շպանկենպերկ արուեստի ուսման չէ հետեւած, սակայն 2009ին սկսած է զբաղելու նկարչութեամբ: «Նկարչութեամբ զբաղիլը ինծի համար շատ անհրաժեշտ կարիք մըն էր, այլ տարբերակ չէր կրնար ըլլալ», գերմանական թերթի մը հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր արուեստագէտը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շպանկենպերկի մատիտով եւ ջրաներկով նկարուած գործերը, որոնք կը խօսին իր մանկութեան ու պատանեկութեան մասին: «Յիշողութիւններէս մաս մը շատ յստակ է, մաս մըն ալ շատ աղօտ: Անոնք շատ տարբեր են իրարմէ», կը բացատրէ արուեստագէտը՝ ընդգծելով, թէ աղօտ յիշողութիւնները կը մղեն նորութիւններ ստեղծելու: «Նկարներուս միջոցով մանկութիւնս կը վերարժեւորուի», կ՛ընդգծէ ան:
Ցուցահանդէսի բացումին, Շպանկենպերկի հայ կինը՝ Մարիան, ներկաներուն եւ իր ամուսինին նուիրեց հայերէն երգերու փունջ մը, կիթառի ընկերակցութեամբ Թոռալֆ Պօէչի:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մանյ մինչեւ 14 Հոկտեմբեր: