ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ 18 Օգոստոսի առաւօտեան, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ ընդունեց «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Արամ Ղազարեանի:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան: Պատուիրակութիւնը Փարիզէն Թաւրիզ ժամանելով, Ատրպատականի մէջ իր շրջագայութիւնը սկսելէ անմիջապէս առաջ, փափաք յայտնած էր ստանալ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնը:
Ատրպատականի Հայոց թեմի պատմական վանքերու, յատկապէս Ս. Թադէի վանքի վերանորոգման աշխատանքներուն մէջ շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ իր կարեւոր նպաստը բերած սոյն կազմակերպութիւնը, գլխաւորութեամբ ֆրանսահայ Գեղամ Գեւոնեանի, երկար տարիներ ետք հետաքրքրութեամբ կը մօտենար պատմական վանքերուն, մօտէն տեսնելու այն հսկայական վերանորոգութիւնները, որոնք կը կատարուին վանքերուն մէջ: Ծանօթ է, որ վերանորոգութիւնները կը կատարուին Իրանի Մշակութային ժառանգութիւններու պահպանման պետական հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ եւ Իրանի եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկութեան կողմէ, առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան գիտութեամբ եւ սոյն հիմնարկութեան տնօրէն Շերլի Աւետեանի անմիջական հսկողութեամբ:
Առաջնորդ սրբազանը համապարփակ ծանօթութիւն տուաւ կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս մշակութային կոթողներու ու սրբավայրերու ներկայ դրութեան մասին: Պատմական արժէք ունեցող եւ զբօսաշրջութեան համար պետական ցանկին մէջ ներառնուած սրբավայրերէն բացի, հեռաւոր շրջաններուն՝ գաւառներուն եւ գիւղերուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու անմխիթար դրութեան մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, որ տուեալ շրջաններու կուսակալութիւններուն եւ գիւղական խորհուրդներուն հետ աշխատանք կը տարուի, փրկելու համար մեր կառոյցները գանձախոյզներու ձեռքերով կատարուող աւերումներէ: «Բացի այս պարագաններէն, հսկայ գումարներու կը կարօտի անոնց պահպանումը, փրկելու համար մեր պատմական կոթողները բնութեան կատարած յառաջատուական փլուզումէն, այսինքն՝ ձիւնի եւ անձրեւներու պատճառած քանդումներէն», ըսաւ սրբազանը:
Սոյն այցելութեան առիթը պատեհ համարելով, առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան բերած նպաստը Ատրպատականի Հայոց թեմի վանքերու պահպանման գործին։
Հանդիպման երկրորդ բաժինին մէջ, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումեր ուղղելու, որոնց լուսաբանական պատասխաններ տրուեցան: Այս առիթով խօսք արտասանեց պատուիրակութեան ղեկավար Արամ Ղազարեան, իր եւ կազմակերպութեան ուրախութիւնը յայտնելով, արբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան աշխոյժ գործունէութեան, հայկական սրբավայրերու հոգածութեան ի խնդիր:
Յայտնենք, որ պատուիրակութիւնը Թաւրիզի եկեղեցիներուն այցելութիւն տալէ ետք, յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Ս. Թադէի, Ս. Ստեփանոսի եւ Ծոր-ծորի վանքերը, ինչպէս նաեւ Սալմաստ գաւառ եւ Ատրպատականի այլ շրջաններ: